spot_img

Փրակայի Մէջ Հայերէն Ձեռագիրերու Ցուցահանդէս Բացուած Է

Փրակայի Ստրահովեան նշանաւոր վանքի գրադարանի Աստուածաբանական դահլիճին մէջ, որ կը համարուի Եւրոպայի հնագոյն եւ շքեղ գրադարաններէն մէկը, Հոկտեմբեր 8-ին տեղի ունեցած է «Հնագոյն քրիստոնեայ ազգի գանձերը. հոգեւոր արուեստը եւ երաժշտութիւնը միջնադարեան ձեռագիրերուն մէջ» խորագիրով ցուցահանդէսին բացումը, որուն ներկայ եղած են Չեխիոյ կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջնորդ եւ Փրակայի արքեպիսկոպոս քարտինալ Տոմինիք Տուգան, Չեխիոյ հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ Բարսեղ վարդապետ Փիլաւճեան, շարք մը երկիրներու դիւանագիտական այրեր եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ: Այս մասին կը տեղեկանանք Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի Ֆէյսպուքի էջէն:

«Խօսքով հանդէս եկան Ստրահովեան վանքի գրադարաններու եւ թանգարաններու պատասխանատու Է. Կ. Շիտլովսքին, Չեխիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Սէյրանեանը, Մատենադարանի գիտական գծով փոխտնօրէն Կարէն Մաթեւոսեանը, Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութենէն հայր Վահանը եւ ցուցահանդէսի համակարգող եւ գրացուցակի հեղինակ Հայկ Ութիճեանը:

Մատենադարանի փոխտնօրէնը մասնաւորապէս նշեց, որ ընդամէնը երկու շաբաթ առաջ Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթէն թանգարանին մէջ բացուած, հայ արուեստին նուիրուած ընդգրկուն ցուցահանդէսին նոյնպէս հայերէն ձեռագիրերուն կարեւորագոյն տեղ յատկացուած է, քանի որ ձեռագիր գիրքը հայկական մշակութային ժառանգութեան գլխաւոր բաղկացուցիչներէն մէկն է:

Ցուցահանդէսին յատկապէս ներկայացուած են Մաշտոցեան Մատենադարանի շարք մը ձեռագիրերու բնօրինակներ եւ ընդօրինակութիւններ, երեք ձեռագիր Վիեննայի Մխիթարեաններու հաւաքածոյէն, երկու ժապաւէնաձեւ Հմայիլ Բասմաճեան մասնաւոր հաւաքածոյէն (Փարիզ) եւ քանի մը այլ նմոյշ, որոնք ընդհանուր պատկերացում կու տան հայ հոգեւոր մշակոյթի՝ մասնաւորապէս, մանրանկարչութեան եւ երաժշտական արուեստի մասին: Ցուցահանդէսի նիւթերը հանգամանօրէն ներկայացուած են ծաւալուն գրացուցակին մէջ։

Ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ Նոյեմբեր 5-ը:

Ի դէպ, պարզուեցաւ, որ Ստրահովեան գրադարանին մէջ կը պահուի հայերէն ձեռագիր մը՝ «Ստեփանեան Քերականութիւն»՝ գրուած 1726 թուականին Ստանիսլաւովի մէջ, որուն նախնական նկարագրութիւնը տեղւոյն վրայ կատարեց ցուցահանդէսի առիթով Փրակա ժամանած Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող Դաւիթ Ղազարեանը»,- նշուած է Ֆէյսպուքի էջին վրայ:

Ցուցահանդէսը ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան նիւթական աջակցութեամբ նախաձեռնած են Չեխիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը եւ Ստրահովի վանահամալիրը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին