«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայկազ Գ. Ժամկոչեան (10 Հոկտեմբեր 1909, Մալաթիա, Արեւմ. Հայաստան – 5 Մարտ 1981, Երեւան), հայ պատմաբան, պատմական գիտութիւններու թեկնածու (1941), գիտութեան վաստակաւոր գործիչ (1970):
Առաջին համաշխարհային պատերազմին հրաշքով կ’ազատուի թրքական եաթաղանէն ու կ’ապաստանի Լիբանան, ուր կը մտնէ Անթիլիասի ամերիկեան որբանոցը: Այդտեղ կը ստանայ իր նախակրթութիւնը: 1925-ին կը տեղափոխուի Վալանս (Ֆրանսա), իսկ 1928-ին կ’անցնի Պելճիքա: Վալանսի, Փարիզի եւ Պրիւքսելի մէջ իր տարիները բանուորութեամբ անցընելէ ետք, 1929-ին կը ներգաղթէ Հայաստան: Կ’աւարտէ Երեւանի Պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի ընթացքը՝ գերազանց յաջողութեամբ: 1935-1938 ան ուսման զութընթաց հայ ժողովուրդի պատմութիւն կը դասաւանդէ Երեւանի միջնակարգ դպրոցներուն մէջ: 1938-էն մինչեւ իր կեանքին վերջին օրը իբրեւ հայ ժողովուրդի պատմութեան դասախօս կը պաշտօնավարէ համալսարանին մէջ: Այնուհետեւ տասնհինգ տարի (1945-1960) որպէս նախագահ կը ղեկավարէ համալսարանի պատմութեան բաժանմունքը: Հ. Ժամկոչեանի երկարատեւ եւ անբասիր գիտա-մանկավարժական աշխատանքը կը գնահատուի գիտութեան վաստակաւոր գործիչի կոչումով (1970-ին) եւ բազմաթիւ պատուոյ գիրերով:
Հայ ժողովուրդի հին եւ միջին դարերու պատմութեան լաւագոյն մասնագէտներէն մէկը՝ Հ. Ժամկոչեանը, հեղինակն է որոշ թիւով հետազօտութիւններու, որոնց մէջ առանձնապէս ուշագրաւ են. 12-13 ԴԱՐԵՐԻ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ «ՍԱՍՈՒՆՑԻ ԴԱՒԻԹ»ԷՊՈՍԻ ՎԱՐԻԱՆՏՆԵՐՈՒՄ (Սասունցի Դաւիթ, յոբելենական ժողովածու, Երեւան, 1939), «ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՎԱՍՆ ԱԶԳԻ ՆԵՏՈՂԱՑ» (Պետական համալսարանի գիտական աշխատութիւններ, 23-րդ հտր., Երեւան, 1946), «ԱՆԻ ՔԱՂԱՔԻ 13 ՏԱՐԻ ԵՐԿՈՒ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ» (Երեւան, 1955), «ՖՐԻԿԻ ԵՐԵՔ ՏԱՂԵՐԻ ՄԱՍԻՆ» (Սովետական գրականութիւն, Երեւան, 1956, թիւ 12), «ՊԱՏՄԱԲԱՆԱՍԻՐԱԿԱՆ ԴԻՏՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՖՐԻԿԻ ԵՒ ՆՐԱ ՏԱՂԵՐԻ ՄԱՍԻՆ» (պատմա-բանասիրական հանդէս, Երեւան, 1958, թիւ 1) աշխատութիւնները: Առանձին հատորով լոյս տեսած է Հ. Ժամկոչեանի «ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՆԱԽՆԱԴԱՐԵԱՆ ՀԱՄԱՅՆԱԿԱՆ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՍՏՐԿԱՏԻՐԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆՈՒՄ» (Երեւան, 1961) մենագրութիւնը, որ քանիցս վերահրատարակուած է Երեւանի Պետական համալսարանի «Հայ ժողովուրդի պատմութիւն» ձեռնարկին մէջ:
Հայկազ Ժամկոչեան կը մահանայ 5 Մարտ 1981-ին: