Ուրբաթ, 06. 06. 2025

spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ԿԱՐՊԻՍ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՍՈՒՐԷՆԵԱՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Կարպիս Յովհաննէս Սուրէնեան (Սարկաւագեան) (21 Օգոստոս 1925, Աթէնք – 5 Հոկտեմբեր 2011, Երեւան), հայ արձակագիր, թարգմանիչ:

1945 թուականին աւարտած է Կիպրոսի Մելքոնեան կրթական հաստատութիւնը, 1967 թուականին՝ Մոսկուայի Մաքսիմ Կորքիի անուան գրականութեան հաստատութիւնը: 1946 թուականին ներգաղթած է Խորհրդային Հայաստան:

 

Աշխատութիւններ

Հրատարակուած են Սուրէնեանի «Մաքուր ձեռքեր» (1959), «Բնիկ որտեղացի՞ էք» (1969), «Արեւորդիներ» (1979), «Ոգու Ամրոցներ» (1982) վիպակներու, պատմուածքներու, էսսեներու ժողովածուները: «Արեւորդիներ» վիպակ-էսսէին մէջ, որուն իւրօրինակ հերոսներն են Մարտիրոս Սարեանն ու Աւետիք Իսահակեանը, շօշափուած է հայրենադարձութեան թեման: Սուրէնեանի էսսեները կը յատկանշուին քնարա-փիլիսոփայական շունչով ու ոճով: Գրած է «Տոստոյեւսկիի մեծ հոգսը եւ մեծ նորարարութիւնը» էսսէ-ուսումնասիրութիւնը: Թարգմանած է Ֆ. Տոստոյեւսկիի «Կարամազով եղբայրներ» վէպը, Ջ․ Գոլսուորդիի «ֆորսայթներու պատմութիւնը» վիպաշարը, Ուիլիըմ Սարոյեանի պատմուածքներէն («Պատերազմ յայտարարուած է», 1963):

 

Օրագրութիւն

Պատանի հասակէն Սուրէնեան օրագիր պահած է, որ հրատարակուած է նոր կեանքի վերջին տարիներուն երկու հատորով («Սարգիս Խաչենց» հրատարակչութիւն, 2005 եւ 2007 թուականներուն): Օրագրութիւնը կը պատմէ անոր մանկութիւնը Աթէնքի մէջ, պատանեկանութիւնը՝ Կիպրոսի եւ երկրորդ աշխարհամարտէն ետք՝ կեանքը Խորհրդային Հայաստանի մէջ: Ընդհանուր առմամբ կ’ընդգրկէ գրեթէ 60 տարուան ժամանակահատուած:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին