Հոկտեմբեր 6-ին արդէն 10-րդ անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ «Արենի գինիի փառատօն»ը: Այս տարի անիկա կը նուիրուիէ ֆրանսահայ մեծանուն երգահան Շառլ Ազնաւուրին:
Գինիի փառատօնը այս տարի եւս տեղի պիտի ունենայ Վայոց ձորի Արենի գիւղին մէջ:
Փառատօնին նպատակն է զարգացնել գինիի զբօսաշրջութիւնը, ապահովել Հայաստանի ճանաչելիութիւնը որպէս գինիի օրրան, ինչպէս նաեւ խթանել համայնքներու մէջ խաղողագործութիւնը եւ բնակչութեան կենսամակարդակի բարձրացումը:
Արենի գինիի փառատօնի ծիրէն ներս այս տարի եւս տեղի պիտի ունենայ մրցոյթ ինչպէս գործարանային գինի արտադրողներու, այնպէս ալ տնայնագործներու մէջ:
Գործարանային գինի արտադրողներու մրցոյթը իրականացնելու համար Հայաստան հրաւիրուած են միջազգային ճանաչում ունեցող գինիի փորձագէտներ: Իսկ տնայնագործներու գինիի մրցոյթը պիտի իրականացնեն Երիտասարդ գինեգործներու միութիւնը գիւղատնտեսութեան նախարարութեան աջակցութեամբ:
Փառատօնի ծիրէն ներս գիւղի ամբողջ երկայնքով տեղի եւ յարակից շրջաններու բնակիչները պիտի ներկայացնեն իրենց գինիները, ազգային կերակրատեսակները, յուշանուէրները: Յատուկ ձեւաւորուած առանձնացուած տարածքի մէջ արտադրական գինեգործները պիտի ներկայացնեն մօտ 100 տեսակի գինի, ճաշարանները պիտի առաջարկեն հայկական եւ միջազգային խոհանոցի լաւագոյն ուտեստները, պանրագործներու տաղաւարներուն մէջ ներկայացուած պիտի ըլլայ պանիրներու լայն տեսականի եւ այլոք: