ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ – 20 Սեպտեմբերին, Շաբաթ օր, Փասատինա քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարանէն ներս տօնական մթնոլորտ էր: Այդ օր հայապահպանման այս օճախի 40 սաները եւ ծնողները, մեծ խանդավառութեամբ եւ ոգիով տօնեցին Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 27-ամեակը:
Աշակերտները նախ միաբերան երգեցին Հայաստանի օրհներգը: Ապա, անոնք անկախութեան օրուան համար պատրաստուած յատուկ կարկանդակը կտրեցին: Յայտագիրը շարունակուեցաւ վարժարանի բակին մէջ՝ հայկական աշխոյժ երգերով: Աշակերտներն ու ծնողները մեծ օղակ մը կազմելով եւ եռագոյններ ծածանելով պարեցին հայկական շուրջպարը:
Անոնք նոյն օր, առաւօտուն, դասարաններու մէջ, հայկեան տոհմի անկախութեան պատմութեան նուիրուած մասնաւոր դասանիւթ լսած էին: Հայկ «աղեղնաւոր» նահապետի ու անոր «եռաթեւ» նետի օրինակով պատանիներուն մատուցուած էր, թէ անկախութիւնը հայուն տրուած պարգեւ մը չէ, այլ՝ գոյութիւն ունի ազգի ծիներուն մէջ է եւ անոր ինքնութեան առանցքն է:
ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ