Ուրբաթ, 06. 06. 2025

spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ԶԱՒԷՆ ՊԻՊԵՌԵԱՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Զաւէն Պիպեռեան (Չենկելգիւղ, Կ. Պոլիս, 1921 – 4 Հոկտեմբեր 1984, Իսթամպուլ), հայ գրող, թարգմանիչ, հանրային գործիչ։

Ծնած է Պոլիս։ Նախակրթութիւնն ու երկրորդական ուսումը ստացած է Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին ու Տիպար կրթարանին մէջ եւ ապա աւարտած է Սեն Ժոզէֆ ֆրանսական լիսէն։ Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Իսթամպուլի Առեւտրական գիտութեանց ակադեմիայէն։

1941-ին ծառայութեան կը կոչուի թրքական բանակ որպէս զինուոր շինարարական ջոկատէն ներս։ Երեքուկէս տարուան ծառայութենէ ետք, կը վերադառնայ Պոլիս։ «Քրիստոնէութեան վախճանը» խորագրեալ յօդուածաշարը մեծ աղմուկ կը բարձրացնէ։ Մաս կը կազմէ «Նոր լուր», «Նոր Օր» եւ «Ժամանակ» թերթերու խմբագրակազմերուն։

1946-ին «Նոր Լուր»-ի մէջ կը հրապարակէ «Ալ կը բաւէ՛․․․» յօդուածը՝ ընդդէմ հակահայ հրապարակումներու ու քայլերու։ Այդ յօդուածին պատճառով շրջան մը կը բանտարկուի: Ուստի կ՚որոշէ հեռանալ Թուրքիայէն։ 1949-ին բնակութիւն կը հաստատէ Պէյրութ, ուր մաս կը կազմէ «Զարթօնք»-ի եւ «Արարատ»-ի խմբագրակազմերուն, միեւնոյն ժամանակ կ’աշխատակցի Հալէպի ու Փարիզի մամուլին։

Մտածելով, թէ քաղաքական պայմանները բարելաւած են, կ՚որոշէ լքել Պէյրութը, ուր կ՚ապրէր դժուարին պայմաններու մէջ, ու վերադառնալ Պոլիս։ 1953-ին Պիպեռեան դարձեալ Պոլիս է։ Կ՚ամուսնանայ Սեդա Խըտրեանի հետ։ Կ՚ունենայ դուստր մը, Թիլտա անունով։ Միջոց մը Օսմանեան դրամատան մէջ աշխատելէ ետք, 1960-ի զինուորական յեղաշրջումէն ետք քաղաքական յօդուածներ կը ստորագրէ «Մարմարա» օրաթերթին մէջ։ «Նոր Դար» քաղաքական ու գրական պարբերականը, զոր սկսած էր հրատարակել 1964-ին, կը դադրի նիւթական դժուարութիւններու պատճառով։ 1960-ականներու աւարտին մաս կը կազմէ «Մէյտան Լարուսի» ու «Պիւյիւք Լիւկաթ» հանրագիտարաններու խմբագրակազմին։

1965-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու ժամանակ կը դառնայ Թուրքիոյ Բանուորական կուսակցութեան Իսթանպուլի պատգամաւորութեան թեկնածու, սակայն չի յաջողիր։ Իսկ 1968-ին տեղական ինքնակառավարման ընտրութիւններու արդիւնքին նոյն կուսակցութեան անունով կ՚ընտրուի Իսթամպուլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ։ Կը դառնայ այս խորհուրդին փոխնախագահը։

Ունէր խոցի հիւանդութիւն։ Մահացած է 4 Հոկտեմբեր 1984-ին Պոլիս։ Թաղուած է Շիշլիի ազգային գերեզմանատունը:

Ֆրանսերէնէ թրքերէնի թարգմանած է բազմաթիւ հատորներ զանազան հեղինակներէ: Տուած է նաեւ ինքնագիր հատոր մը «Եալնըզլար» խորագրով, որ «Լկրտածը» վէպին թրքերէնն է փաստօրէն։

Գործածած է այլազան գրչանուններ՝ Անի Ազատ, Սեւանի Մակուկավարը, Զ. Բարտիեան, Պ. Զ. Շիրակ, Ք. Անանեան, Նեմեզիս, Կինոֆիլ եւն.:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին