«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արտաշէս Յարութիւնեան, (3 Հոկտեմբեր 1873, Մալկարա- 1915, Մեծ եղեռնի զոհ), արձակագիր եւ գրագէտ։
Ուսումը ստացած է ծննդավայրի նախակրթարանէն, սակայն ընթացքը չէ աւարտած։ Դպրոցէն դուրս գալէն անմիջապէս ետք սկսած է աշխատիլ հօրը խանութը։ Ամբողջ բռնապետութեան շրջանին ան դուրս չէ ելած Մալկարայէն ու չէ ճամբորդած։
Քերթողական իր էջերը ամփոփուած են երեք հատորներու մէջ՝ «Լքուած քնար»(1902), «Երկունք»(1906) եւ «Նոր քնար» (1912): Երկարօրէն աշխատած է «Նոր քնար» հատորին վրայ, որ կը նկատէ լաւագոյն աշխատութիւնը։
Տաղանդաւոր գրագէտը կանուխէն աշխատակցած է թրքահայ մամուլին՝ քերթուածներով, գեղեցիկ արձակներով եւ քննադատականներով, որոնք հռչակ ապահոված են իրեն։ Գրականութեան մէջ մուտք գործած է Կարօ ծածկանունով։ Որպէս արձակագիր եւ գեղագէտ-քննադատ՝ անժխտելի կարողութիւն ցուցաբերած է իր գրական վերլուծական յօդուածերով։ Հանդէս եկած է Մանիշակ, Ուրուական, Կարօ, Շահէն-Կար, Պան կեղծանուններով։
Զոհ գացած է 1915-ի Մեծ եղեռնին: