«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (HDP-ԺԺԿ) պոլսահայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան մեկնաբանած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուհաթ Օքթայի հակահայկական յայտարարութիւնը:
«Էրմենիհապեր»-ի փոխանցմամբ՝ լրատուական կայքին տուած մեկնաբանութեան մէջ Փայլան նշած է, որ Թուրքիոյ նոր դիրքորոշումը հիմնուած է ոչ թէ առերեսման, այլ ժխտողականութեան ու ձուլման վրայ:
Ըստ Փայլանի` Թուրքիա բնակող հազարաւոր հայերու ցաւին նկատմամբ ոչ մէկ կարեկցանք պարունակող յայտարարութիւնները այնտեղ ապրող ժողովուրդներուն ոչ մէկ օգուտ կու տան:
Փայլան, նշելով, որ նման արտայայտութիւնները «թրքական ազգայնական մտածելակերպ»-ի արդիւնքն են, աւելցուցած է. «Անոնք, որոնք դուք թշնամի դարձուցած էք, մեր ազգականներն են, մեր քաղաքացիներն են»:
Փայլան Օքթայի յայտարարութեան արձագանգած է նաեւ Twitter-ի մէջ կատարած արձանագրութեամբ.
«Հայկական սփիւռքը քայսերիցին, մալաթիացին, իսթամպուլցին, պուրսացին, թեքիրտաղցին, տիարպեքիրցին է: Անոնք, որոնց դուք թշնամի դարձուցած էք մեր բարեկամներն ու մեր քաղաքացիներն են: Թրքական թեզերը ցեղապաշտական են եւ ցեղասպան: Մեր ցաւի օճախը Թուրքիոյ մէջ է, եւ միայն Թուրքիոյ մէջ կարելի է զայն բուժել»:
Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուաթ Օքթայ, ելոյթ ունենալով Թուրքիոյ պատմագիտական ընկերութեան կողմէ կազմակերպուած «թրքական պատմութեան համաժողովի» բացումին, անդրադարձած էր Հայոց ցեղասպանութեան: Օքթայ, նշելով, որ իրենք հայկական սփիւռքի ճնշումով թրքական թեզերը արգիլող խորհրդարաններու որոշումները չենք յարգեր, ըսած էր .
«Անոնք, որոնք կը ցանկային 1915-ի դէպքերը օգտագործելով մեր պատմութիւնը սեւցնել, հակառակ իրենց ջանքերուն՝ չեն հասած իրենց նպատակներուն` բացառութեամբ մեր երկրի նկատմամբ բացայայտ թշնամանք ունեցող պետութիւններուն: Յատկապէս 2015-էն առաջ աշխուժացած զրպարտող արշաւները արդիւնք չտուին` շնորհիւ մեր երկրի կեցուածքին, Թուրքիոյ պատմագիտական ընկերութեան նման պետական հաստատութիւններու ջանքերուն եւ մեր դիւանագէտներու աշխատանքին»: