Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Յովհաննէս Յովհաննիսեան (14 (26) Ապրիլ 1864, Վաղարշապատ, Ռուսիա — 29 Սեպտեմբեր 1929, Երեւան), հայ բանաստեղծ։

Ծնած է Վաղարշապատ։ Կանուխէն կը ղրկուի Լազարեան ճեմարան, Մոսկուա։ Ապա 1884 թուականին համալսարանի պատմալեզուագրական բաժնին մէջ կ’ուսանի լեզուաբանութիւն եւ պատմութիւն։ Դեռ աշակերտ՝ գրելու քաջալերուած իր ուսուցիչէն՝ Սմբատ Շահազիզէն՝ Մոսկուայի մէջ լոյս կ’ընծայէ բանաստեղծական առաջին ժողովածուն՝ օգնութեամբ ուսանողական միութեան։ Կրկին Կովկաս՝ ուսուցիչ է Գէորգեան ճեմարանէն ներս, ուր կը գործէ մինչեւ ծերութիւն իբրեւ յարգուած մանկավարժ։ Միաժամանակ կ’արտադրէ գործեր՝ չափով մը նոր շունչ բերերով արեւելահայ բանաստեղծութեան ճառային-հայրենասիրական ոճին՝ պատրաստելով Թումանեանի քնարական քերթողութիւնը։

Իր գործունէութեան քառորդդարեայ յոբելեանը նշուած է 1912-ին։ Մահացած է Երեւան, կարճ ատեն մը ծառայելէ ետք կրթական-վարչական մարզին մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին