Երկուշաբթի, 11. 12. 2023

spot_img

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ – Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի 2018 – 2019 Տարեշրջանի Վերամուտ

Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ – Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը ամրան քանի մը ամիս համրուած արձակուրդէ ետք, վերադարձաւ իր կրթութեան բնօրրանը՝ մեծ եռանդով սկիզբ տալու 2018 – 2019 տարեշրջանին:

Վերամուտ է, յուզումնախառն օր մը, երբ տնօրէնութիւն, ուսուցչակազմ, աշակերտութիւն եւ ծնողք կը վերադառնան նպատակասլաց աշխատանքի՝ իւրաքանչիւրը իր յանձնառութիւններով: Նկատի ունենալով այս օրուան խիստ կարեւորութիւնը՝ աշակերտները դիմաւորուեցան ճոխ մթնոլորտի մէջ: Տօնական օրուան վերածուեցաւ Երեքշաբթի, 25 Սեպտեմբեր 2018 թուականը, բոլոր աշակերտները իրենց ծնողներուն ներկայութեամբ պարեցին, նկարուեցան՝ դիմաւորելու համար հեզասահ, խաղաղ նոր տարեշրջան մը իր նոր կրթական ծրագիրներով:

Առաջին զանգը աղօթքի կանչը եղաւ, աշակերտները տնօրէութեան եւ ուսուցչակազմին հետ տէրունական աղօթքը եւ «Ողջոյն»-ը  աղօթելէ ետք, դրօշակի արարողութիւն կատարեցին, Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանիս քայլերգերու հետ զուգընթաց ծածանեցան երեք դրօշակները: Ապա յաջորդաբար խօսք առին վարժարանիս տնօրէն Գերապատիւ  հայր Գրիգոր վրդ․ Պատիշահ, որ դպրոցը նմանցուց անցագիրի մը, որուն միջոցաւ կրնանք մուտք գործել կեանքի ասպարէզ, ան անդրադարձաւ տարեշրջանին  դիմաւորելիք ուսումնական կարգ մը դժուարութիւններուն, զորս Տիրոջ ապաւինելով, հաւատքով  եւ կամքի ուժով կարելի է հարթել: Ակադեմական մեծաւորուհի օրիորդ Նէլլի Տէր Ղազարեան իր կարգին բարի գալուստի խօսքով մաղթեց հաճելի, ուրախ եւ պատուաբեր յաջողութիւններով բեղուն տարեշրջան մը՝ խոստանալով վարժարանին մէջ ստեղծել առողջ միջավայր մը, ուր աշակերտը կարենայ հոգեկան հանգիստ վիճակով ամբողջացնել իր դպրոցական տարեշրջանը: Աւարտին վարչական մեծաւոր պրն. Արամ Գարատաղլեան, հին եւ նոր աշակերտներուն բարի  գալուստի խօսք ուղղեց  բարեկարգուած ու բաերզարդուած Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի մէջ: Ան յայտնեց, որ տնօրէնութիւնը երբեք ճիգ չխնայեց վարժարանիս բարենորոգման եւ բարգաւաճման համար, ինչ որ արդէն բացայայտ է: Ան նաեւ խոստացաւ, որ յառաջիկայ օրերուն ծնողներու հետ համագործակցաբար նոր նուաճումներ պիտի արձանագրէ մեր վարժարանը: Բարի վերամուտի եւ յաջողութեան մաղթանքներէ ետք եռագոյն փուչիկներ արձակուեցան:

Այնուհետեւ առաջինէն ութերորդ կարգի աշակերտները ուղղուեցան եկեղեցի՝ իրենց անդրանիկ պատարագը մատուցելու առ Աստուած եւ Տիրոջ օրհնութեամբ սկսելու տարեշրջանը: Պատարագի քարոզի ընթացքին Գերապատիւ հայր Պատիշահ շեշտը դրաւ հոգեւոր ու մարդկային կարեւորագոյն արժէքներէն մէկուն՝ ներումին, ներել ուրիշին գործած մեղքերը, մոռնալ դիմացինին յանցանքները, որպէսզի համերաշխ, խաղաղ ընթացքով շարունակել կեանքը: Ան անդրադարձաւ նաեւ  նեղացնելու յանցանքին՝ անոր պատճառած խոցելի վէրքին, որ շատ յաճախ անդարման կրնայ ըլլալ: Հետեւաբար անոր խնդրանքը եղաւ սիրոյ պատուիրանը առաջնահերթ դասել եւ եղբայրական սիրով մօտենալ իրարու: Քարոզի աւարտին ան յաջողութիւն մաղթեց վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչակազմին աշակերներուն եւ ծնողներուն օրհնեալ, բարի եւ ժրաջան տարեշրջան մը դիմաւորելու:

Լրատուական մարմին

Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ – Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին