«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Սեպտեմբեր 27-ին պաշտօնական այցով ժամանած է Գերմանիա:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնէ թրքական «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը:
Էրտողան այցի ծիրէն ներս հանդիպած է Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի եւ նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերի հետ:
Հանդիպումներուն ժամանակ կողմերը քննարկած են Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին, արտագաղթի եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ շարք մը հարցեր:
Էրտողանի՝ Գերմանիա այցը պիտի աւարտի Սեպտեմբեր 29-ին Գերմանիոյ Քիոլն քաղաքին մէջ, ուր ան պիտի մասնակցի նոր մզկիթի բացման արարողութեան: