«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Էլիա Քազան (անգլերէն՝ Elia Kazan, իսկական անուն մականունը՝ Էլիաս Քազանճիօղլու, 7 Սեպտեմբեր 1909, Կ. Պոլիս – 28 Սեպտեմբեր 2003, Նիւ Եորք), արմատներով յոյն ամերիկացի բեմավար, թատերագիր եւ արտադրող։ Օսքարի եռակի եւ Ոսկեայ Կլոպուս քառակի դափնեկիր։
Ծնած է 1909-ին Պոլիս յոյն առեւտրականներու ընտանիքի մէջ։ 1913-ին անոր ընտանիքը տեղափոխուած է Միացեալ Նահանգներ եւ բնակութիւն հաստատած Նիւ Եորք, ուր հայրը կը զբաղէր գորգերու վաճառքով։ Մասաչուսեթսի գոլէճներէն մէկը աւարտելէ ետք կ’ընդունուի Ելսքի համալսարանի թատերական արուեստի բաժանմունքը։
1930 ականներուն արդէն կը սկսի աշխատիլ Նիւ Եորքի թատերախումբերէն մէկուն մէջ իբրեւ բեմավար։
Արդէն 1940-ի սկիզբէն Քազան կը համարուէր Նիւ Եորքի ամէնէն յայտնի թատերական բեմավարներէն մէկը։ Ան նաեւ կը խաղար թատրոնի մէջ («Սպիտակ խալաթներով մարդիկ», «Լեֆտին սպասելով», «Ճոնի Ճոնսոն», «Ոսկէ տղան», «Լիլոիմ» եւ այլն): Ստացած է թատրոնի հեղինակաւոր «Թոնի» մրցանակ։
1940-ականներուն վերջաւորութենէն Քազան կը սկսի նկարահանել նաեւ ֆիլմեր, սկիզբը քանի մը վաւերագրական կարճ ֆիլմեր, ապա նաեւ գեղարուեստական ամբողջական ֆիլմ։ Անոր առաջին մեծ աշխատանքներէն մէկը՝ 1947-ին նկարահանուած «Ճենթլմենական համաձայնութիւն» ֆիլմը մեծ յաջողութիւն կ’ունենայ արժանանալով 3 Օսքարի, որոնց մէջ նաեւ Քազան կը ստանայ իր առաջին Օսքարը լաւագոյն բեմավար անուանակարգին մէջ։ Մէկ Օսքար եւս ան կը ստանայ 1954-ին նկարահանուած «Նաւահանգիստին մէջ» ֆիլմին համար (ֆիլմը կ’արժանանայ 8 Օսքարի, ինչպէս Օսքարի լաւագոյն ֆիլմի համար): Միւս նշանաւոր շարժապատկերի աշխատանքերն են «Ցանկութիւն»-ը, «Դրախտէն Արեւելք»-ը, «Վայրի Գետը», «Տիկնիկ»-ը, «Ամերիկա, Ամերիկա»-ն եւ այլն։ Անոր վերջին աշխատանքը շարժապատկերի մէջ դարձաւ 1976-ին նկարահանուած «Վերջին մագնատը» թատերգութիւնը՝ հոլիուտեան շարք մը յայտնի դերասաններու մասնակցութեամբ։
1952-ին հետաքննութեան յատուկ մարմիններու յայտնեց իր համայնավար գաղափարակից ընկերներու մասին տեղեկութիւններ: Հետաքննութեան պատճառով անոր գաղափարակից դերասաններէն 8 հոգի յայտնուեցան հոլիուտեան սեւ ցուցակին մէջ եւ անոնց ասպարէզը աւարտեցաւ։ Այդ արարքը շատ շարժապատկերի գործիչներ չներեցին, մասնաւորապէս 1999-ին, երբ անոր կը յանձնուէր պատուաւոր Օսքար շարժապատկերի մէջ ունեցած մեծ աւանդի համար, ներկաներէն մէկ քանին (Նիք Նոլթի, Էտ Հարիս) հրաժարեցան ծափահարել անոր, իսկ ոմանք ալ (Սթիւըն Սփիլպըրկ, Ճիմ Քերրի) կը ծափահարէին իրենց նստած տեղէն: Էլիա Քազան երեք անգամ ամուսնացած է: Մահացած է 2003-ին Նիւ Եորքի մէջ 94 տարեկանին: