Իւան Ալեքսանտրուիչ Կոնչարով (6 (18) Յունիս 1812, Ուլեանովսկ, Ռուսական կայսրութիւն – 15 (27) Սեպտեմբեր 1891, Ս. Փեթերսպուրկ, Ռուսական կայսրութիւն), ռուս գրող։
1831-1834 թուականներուն սորված է Մոսկուայի համալսարանի բանասիրական բաժնին մէջ։ 1852-1854 թուականներուն «Փալլատայ» ռազմանաւով կատարած է շուրջերկրեայ ճանապարհորդութիւն։ 1858 թուականին առանձին գիրքով հրատարակած է «Փալլատայ» առագաստանաւը» ակնարկաշարը։ 1856 թուականին աշխատած է որպէս գրաքննիչ, 1862-1863 թուականներուն՝ «Սեւեռնայայ պոչտայ» թերթի խմբագիր, 1863-1867 թուականներուն՝ մամուլի խորհուրդի անդամ։ 1839 թուականին գրած է «Երջանիկ սխալ», 1842 թուականին՝ «Իւան Սաւվիչ Փոտժապրին» վիպակները։ 1847 թուականին պարբերական մամուլին մէջ հրատարակած է «Սովորական պատմութիւն» վէպը։ Գրած է «Օպլոմով» (1859 թուական) եւ «Զառիթափ» (1869 թուական) վէպերը, որոնցմով մտած է ռուս եւ համաշխարհային գրականութիւն՝ որպէս քննադատական իրապաշտութեան ականաւոր ներկայացուցիչ։ Իր վէպերը աչքի կը զարնեն վիպագրական վարպետութեամբ, կենցաղի իրապաշտ պատկերումով։ Կերպարներու ընդհանրացման ուժը կը հասնի այն աստիճանի, որ «Օպլոմով» անունը կը դառնա յ ամբողջ հասարակական երեւոյթի մը հոմանիշը։ 1869 թուականէն ծաւալած է գրաքննադատական գործունէութիւն։ Գրականութեան վերաբերեալ իր յօդուածներէն առանձնակի նշանակութիւն ունի «Միլիոն տառապանքներ» յօդուածը՝ նուիրուած Ալեքսանտր Կրիպոյետովի «Խելքէն պատուհաս» կատակերգութեան մեկնաբանման։