Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր ԱԲՐԱՀԱՄ ՓԱՇԱ ԲԱՐԹՈՂ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Աբրահամ փաշա Բարթող (25 Սեպտեմբեր 1850, Աղեքսանդրիա – 16 Դեկտեմբեր 1911, Աղեքսանդրիա), եգիպտահայ գաղութին ակնառու դէմքերէն մէկը։ Կեսարացի ծանօթ վարժապետ Աբրահամ Կիւլպէնկեանի եղբօրորդին։

Ծնած է 1850 Սեպտեմբեր 25-ին եւ նախնական կրթութիւնը ստացած է Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ, ուր ղրկուած է խնամակալին Աշըգեան Յակոբի կողմէ։ Երուսաղէմի մէջ իրեն դասընկեր եղած է Կիլիկիոյ Սահակ Ս. կաթողիկոսը։ Եգիպտոս վերադառնալով 1874-ին ամուսնացած է սեղանապետ Եուսուֆեանի աղջկան հետ։ Որպէս բարեսիրտ անձ՝ միշտ սատարած է հայ ազգօգուտ ձեռնարկներու եւ օգնած Եգիպտոսի, Պոլսոյ եւ գաւառի զանազան ազգային հաստատութիւններուն։ Եգիպտոսի Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հիմնադիր անդամներէն է եւ մեծ գուրգուրանքով օգտակար դարձած է ՀԲԸՄ-ին։ Երանուհիի հետ, որ բարեսիրտ ու գթած անձնաւորութիւն եղած է, 1896-ին Թուրքիայէն Եգիպտոս գաղթող թշուառ հայերուն հոգածու վերաբերմունք ցուցաբերած է։

Աբրահամ փաշա նուիրուած է ազգային գործերու, դարձած է նաեւ է վերակացու եկեղեցապատկան կալուածներու մատակարարումին: Հրատարակչատան մը հաստատման համար տրամադրած է հարկ եղած գումարը: Սիրտի եւ միտքի իր ազնուութեան համար վայելած է միջազգային համբաւ։ Այս բոլորին շնորհիւ ստացած է բազմաթիւ պատուանշաններ։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին