Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

Թուրքիոյ Մէջ Ծեծած Են Ազգայնական Կուսակցութեան Առաջնորդը Հայ Անուանողը

Թուրքիոյ մէջ «հայ» բառը իբրեւ վիրաւորանք ընկալելու հետեւանքով՝ տեղի ունեցած է հերթական վիճաբանութիւնը, որ ուղեկցուած է ծեծկռտուքով: Միջադէպը, ըստ Ermenihaber.am-ի, տեղի ունեցած է  Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան (MHP-ԱՇԿ) Ալանիա քաղաքի տարածքային կառոյցի ղեկավար Մուսթաֆա Թիւրքտողանի եւ Թուրքիոյ թռիչքուղիներու  ընկերակցութեան Ալանիայի մասնաճիւղի ղեկավար Մեթին Աքտենիզի միջեւ:

Ալանիոյ մէջ տեղի ունեցած հանրային ձեռնարկի մը ժամանակ Թիւրքտողան մօտեցած եւ ապտակած է Աքտենիզը, որովհետեւ վերջինս Twitter-ի մէջ «համարձակած էր» ազգայնական կուսակցութեան առաջնորդ Տէվլէթ Պահչելիին հայկական ծագում վերագրած էր:

Այս միջադէպէն կարճ ժամանակ անց, Թուրքիոյ թռիչքուղիներու ընկերակցութիւնը յայտարարած է Աքտենիզլին Ալանիայի մասնաճիւղի ղեկավարի պաշտօնէն զրկելու մասին:  Ընկերակցութեան յայտարարութեան մէջ յստակ նշուած է, որ պաշտօնազրկման պատճառը Աքտենիզլիի գրութիւնն է ու անոր հետեւանքով յառաջացած աղմուկը:

Աքտենիզլին Տէվլէթ Պահչելիի մասին Twitter-ի վրայ ըրած էր հետեւեալ գրութիւնը.

«Ծնած է (Պահչելի-EH) 1948 թուականին Օսմանիէ նահանգի Պահչէ շրջանին մէջ: Սիվերեքի հայերէն սերող ընտանիքի մը զաւակն է: Աւելի ուշ իսլամացած ընտանիքը Սիվերեքէն գաղթած ու հաստատուած է Պահչէ»:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին