«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Եղիշէ Թադեւոսեան (24 Սեպտեմբեր 1870, Վաղարշապատ – 22 Յունուար 1936, Թիֆլիս), դարասկիզբի հայկական գեղանկարչութեան ամենալուսաւոր դէմքերէն մէկը։ Թադեւոսեան ուսումի եւ գեղարուեստական հետազօտութիւններու համար յաճախ ճամբորդած է ու այցելած շատ երկիրներ։ Նկարիչ, մշակութային գործիչ։
1879–94 թուականներուն ուսանած է Թիֆլիսի Տէր-Յակոբեան գիշերօթիկ վարժարանին, Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանին, գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան եւ ճարտարապետութեան ուսումնարանին մէջ։ 1894–95 թուականներուն դասաւանդած է Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանին մէջ, ապա վերադարձած է Մոսկուա։ 1896-ին Թադեւոսեան մասնակցած է «Պերեդվիժնիկներ»-ի 24-րդ ցուցահանդէսին, 1898-ին Մոսկուայի արուեստագէտներու ընկերութեան մրցոյթին անոր «Կէսօրեայ ճաշ» (1896) եւ «Քարոզ ուղղադաւաններին» (1896) կտաւները մրցանակներու արժանացած են։ 1898-ին իր ուսուցիչին՝ ռուս նկարիչ Վասիլի Պոլենովի հետ մեկնած է Պաղեստին, գրեթէ ամէն տարի ճամբորդած է Մերձաւոր Արեւելքի ու Եւրոպայի տարբեր երկիրներ (մինչեւ 1914)։
Իր մասին գեղարուեստի մասնագէտ մեկնաբան Շահէն Խաչատրեան կը գրէ. «Ե․ Թադեւոսեանի ստեղծագործութիւնը տպաւորապաշտ մեթոտի կիրառման առաջընթաց քայլ է ազգային գեղանկարչութեան մէջ։ Իր գործերը դիտողին կը գրաւեն արեւի ջերմութեան, օդային միջավայրի եւ բնութեան տրամադրութիւններու նուրբ զգացումով, լուսաստուերներու թրթռուն խաղերով եւ կատարման տպաւորիչ վարպետութեամբ, անոնք յագեցած են խոր քնարականութեամբ»։
Թադեւոսեանի անունով փողոց կոչուած է Երեւանի մէջ, իսկ Էջմիածինի մէջ` Գեղարուեստի դպրոց: 2015 թուականին Երեւանի Շէնգաւիթ վարչական համայնքին մէջ բացուած է գեղանկարիչի կիսանդրին: