Երեւանի Կենդանաբանական այգին տարիներ շարունակ կը զբաղի ոչ միայն կենդանիներու պահպանութեամբ, խնամքով եւ վերականգնումով, այլ նաեւ մշտական ուշադրութիւն կը դարձնէ կրթական, հետազօտական, գիտական ծրագիրներուն, որոնք պարբերաբար կ՝իրականացուին բազմաբնոյթ ձեռնարկներու, բնապահպանական-ակումբներու, թեմաթիք օրերու եւ տարբեր նախաձեռնութիւններու տեսքով: Նոր լուծումներով եւ նոր մօտեցումներով Այգին կը փորձէ առաւել հետաքրքրական եւ բովանդակալից դարձնել այցելութիւնները լայն հասարակայնութեան համար:
Երեւանի կենդանաբանական այգիէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ այս անգամ ալ Երեւանի Կենդանաբանական այգին ձեռնամուխ եղած է նոր ձեռնարկին՝ «Գիրքի փառատօն»-ի կազմակերպումով՝ ՀՀ Անկախութեան տօնին ընդառաջ: Սեպտեմբեր 20-23 Հայաստանի մէջ գործող հրատարակչութիւնները պիտի ներկայացնեն իրենց եւ արտերկրի գործընկերներու հրատարակած գիրքերը, իսկ այցելուները հնարաւորութիւն պիտի ունենան տարբեր հրատարակիչներու առաջարկին ծանօթանալու մէկ վայրի մէջ, կատարելու ընտրութիւն եւ գնումներ:
Ձեռնարկները պիտի սկսին Սեպտեմբեր 20-ին, ժամը 15:00-ին:
«Ի դէպ չմոռնաք ձեր հետ բերելու նաեւ այն գիրքերը, որոնք արդէն ընթերցած էք եւ կը կարծէք, որ պատրաստ էք զանոնք տրամադրելու ուրիշներուն: Այգին նախաձեռնած է նաեւ գրքահաւաք՝ սահմանամերձ բնակավայրերու գրադարաններ, դպրոցներ, ինչպէս նաեւ զօրամասեր ուղարկելու համար»,- ըսուած է Կենդանաբանական այգիի տարածած հաղորդագրութեան մէջ: