Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երուանդ Օտեան (19 Սեպտեմբեր 1869, Կ. Պոլիս – 1926, Գահիրէ), նշանաւոր երգիծաբան, վիպասան, թատերագիր եւ հրապարագիր։

Ծնած է Պոլիս Օտեաններու նշանաւոր գերդաստանին մէջ:  Մասնաւոր դասեր առած է տունը, ապա իր հօրեղբօր՝ Գրիգոր Օտեանի շունչին տակ տիրացած է զարգացման բարձր աստիճանի՝ շնորհիւ իր հետեւողական ընթերցասիրութեան։ 1879 թուականին հօրեղբօր՝ Գրիգոր Օտեանի նախաձեռնութեամբ, իննամսեայ ուղեւորութիւն մը կը կատարէ Եւրոպայի մէջ՝ Փարիզ, Հռոմ եւ այլ քաղաքներ։ Օտեանի անունը թրքական իշխանութիւններուն համար եղած է «անբարեյոյս անձանց» ցուցակին մէջ։ 1896 թուականի Օգոստոսին, երբ Կ․ Պոլսոյ մէջ կը սկսին հայկական ջարդերը, ան գաղտնի կը հեռանայ այնտեղէն։ Օտեան հեռանալով դէպքերէն եւ Կ. Պոլիսէն՝ տասներկու տարի կ’ապրի թափառական կեանք մը՝ շրջելով Աթէնք, Փարիզ, Գահիրէ, Վիեննա, Լոնտոն, Պոմպէյ։

1909 թուականին կը վերադառնայ Պոլիս, կ’աշխատակցի զանազան թերթերու եւ կ’արտադրէ մեծ թիւով գործեր։ 1915-ին կ’աքսորուի ու կը հասնի մինչեւ Տէր-Զօր, բայց հրաշքով կ’ազատի: 1925 թուականին կը հաստատուի Եգիպտոս, ուր կը մահանայ 1926-ին։

 

Գլխաւոր գործերը

Օտեան արեւմտահայ գրականութեան ամենաբեղուն գրողներէն է։ Իր երգիծական վէպերն են՝

 

«Միջնորդ տէր պապան»

«Ընտանիք, պատիւ, բարոյական»

«Վաճառականի մը նամակները»

«Թաղականին կնիկը» եւ այլն։

Մեր գրականութեան մէջ ինքն է հիմնադիրը արկածային վէպին: Անգերազանցելի կը մնան «Ապտիւլ Համիտ եւ Շերլոք Հոլմս», «Ես դրսեցի չեմ առներ», «Թիւ 17 խաֆիէն» երգիծական վէպերը եւ այլն։ Իր երգիծական գլուխ գործոցը՝ «Առաքելութիւն մը ի ծապըլվար»-ը ո՛չ միայն հայ, այլեւ համաշխարհային երգիծական գրականութեան գոհարներէն կը նկատուի։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին