«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Էմին Տէր-Գրիգորեան (1 Յունուար 1855 – 18 Սեպտեմբեր 1939), հայ թատերագիր, մշակութային գործիչ, ԽՍՀՄ գրողներու միութեան անդամ 1934 թուականէն:
Ծնած է Երեւան։ Աւարտած է Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանը։ Եղած է Երեւանի թատրոնի հիմնադիրներէն, հանդէս եկած է որպէս բեմադրիչ, դերասան, նկարիչ։ Հրատարակած է «Երեւանի յայտարարութիւններ» թերթը։ Անդրկովկասի հայկական թատրոնները բեմադրած են Էմինէն շարք մը տրամաներ։ Երեւանի մէջ ունեցած է սեփական տպարան, ուր տպագրուած են ոչ միայն իր, այլեւ ուրիշներու գիրքերը։ Մահացած է Երեւան: