«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Բագրատ Ստեփան Արազեան (13 Սեպտեմբեր 1887, Երեւան – 16 Յունիս 1957, Երեւան), ճարտարապետ։
1911-ին աւարտած է Ս. Փեթերսպուրկի Քաղաքական ճարտարագէտներու հիմնարկը։ Նախագծած եւ կառուցած է բնակելի ու հասարակական շէնքեր Երեւանի («Ճանփոլատեան թատրոնի» վերակառուցումը, 1906-1907-ականներուն), Պաքուի եւ այլ քաղաքներու մէջ։ 1928-1936-ականներուն՝ Հայբնակշինկոոպ միաւորման գլխաւոր ճարտարագէտ։
1920-էն Արազեանի նախագիծերով կառուցուած են Երեւանի կեդրոնի բնակելի տուներու համալիրը (1934-1945), հիւրանոցներ՝ Արթիկի, Սեւանի եւ այլ շրջաններու մէջ։ 1926-ին Երեւանի ժողովրդական տան (այժմ՝ Օփերայի եւ բեմապարի թատրոն) նախագիծի համամիութենական մրցոյթին 2-րդ դիրքը գրաւած է։