Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

Վլատիմիր Փութին Ազրպէյճան Պիտի Այցելէ Սեպտեմբեր 25-ին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱՊՀ, եւրասիական միաւորման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու հարցերով ՌԴ պետական տումայի յանձնաժողովի ղեկավար Լէոնիտ Քալաշնիքովը «Ռուս-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու նոր փուլ» թեմայով տեսակամուրջի ժամանակ յայտնած է Փութինի՝ Պաքու կատարելիք այցելութեան ամսաթիւը:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնէ ազրպէյճանական minval.az-ը:

Վլատիմիր Փութինի այցը Ազրպէյճան կը ծրագրուի Սեպտեմբեր 25-ին:

«Վլատիմիր Փութինի՝ Ազրպէյճան կատարելիք այցի ծիրէն ներս Սեպտեմբեր 25-ին տեղի կ’ունենայ երկու նախագահներու՝ Իլհամ Ալիեւի եւ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը, որուն ընթացքին կը քննարկուին Սոչիի մէջ Սեպտեմբեր 1-ին տեղի ունեցած բանակցութիւններու ժամանակ պայմանաւորուած  շարք մը հարցեր»,- նշած է Քալաշնիքովը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին