Երեքշաբթի, 08. 10. 2024

spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ՄԽԻԹԱՐ ՄԿՐՏԻՉ ՋՐԲԱՇԵԱՆՊատմութեան Մէջ Այսօր ՄԽԻԹԱՐ ՄԿՐՏԻՉ ՋՐԲԱՇԵԱՆՊատմութեան Մէջ Այսօր ՄԽԻԹԱՐ ՄԿՐՏԻՉ ՋՐԲԱՇԵԱՆՊատմութեան Մէջ Այսօր ՄԽԻԹԱՐ ՄԿՐՏԻՉ ՋՐԲԱՇԵԱՆՊատմութեան Մէջ Այսօր ՄԽԻԹԱՐ ՄԿՐՏԻՉ ՋՐԲԱՇԵԱՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մխիթար Մկրտիչ Ջրբաշեան (11 Սեպտեմբեր 1918, Երեւան, Հայաստանի առաջին հանրապետութիւն – 6 Մայիս 1994, Երեւան, Հայաստան), հայ թուաբան, ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ ակադեմիկոս։

1936-1941 ուսանած է Երեւանի պետական համալսարանի բնագիտութեան եւ թուաբանութեան բաժինը։ 1942 թուականէն սկսեալ աշխատած է Երեւանի պետական համալսարանի եւ գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ մէջ։

1945 թուականին Արտաշես Շահինեանի ղեկավարութեամբ կը պաշտպանէ թեկնածուական ատենախօսութիւնը «Անալիտիկ ֆունկցիաների ներկայացման որոշ հարցեր» թեմայով։ Անիկա թուաբանութեան առաջին թեկնածուական ատենախօսութեան պաշտպանութիւնն էր ԵՊՀ-ի մէջ։ 1949 թուականին Մոսկուայի պետական համալսարանին մէջ կը պաշտպանէ դոկտորական աշխատանքը։

1953 թուականին Ջրբաշեանը կ’ընտրուի թղթակից անդամ, 1956 թուականին՝ ՀՀ ԳԱԱ իսկական անդամ։ 1964-1978 եղած է ՀՀ ԳԱԱ նախագահութեան անդամ, միաժամանակ 1964-1973 զբաղեցուցած է բնագիտա-թուաբանական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղարի պաշտօնը։

Ջրբաշեանը եղած է «Մաթեմատիկա» (ԳԱԱ տեղեկագիր) ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր անոր կազմաւորման օրէն՝ 1966 թուականէն։ 1971-1989 Ջրբաշեանը եղած է նոր կազմաւորուած թուաբանութեան հիմնարկի տնօրէն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին