Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Հարիրի Մեկնեցաւ Հոլանտա՝ Մասնակցելու Յատուկ Ատեանի Վերջին Լսումներուն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի Երկուշաբթի ուղղուեցաւ Հոլանտա՝ մասնակցելու Լիբանանի մէջ Յատուկ ատեանի վերջին լսումներուն: Յայտնենք, որ ատեանը հետաքննութիւն կ’իրականացնէ Սաատ Հարիրիի հօր՝ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան կապակցութեամբ:
Հարիրիի տեղեկատուական գրասենեակէն յայտարարութեան համաձայն՝ վարչապետի պաշտօնակատարի ներկայութեամբ տեղի պիտի ունենան դատախազութեան եզրափակիչ փաստարկներու քննարկումները Յատուկ ատեանի կեդրոնատեղիին մէջ: Իրեն կ’ուղեկցին կրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Համատան եւ մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Ղաթթաս Խուրի: Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան կապակցութեամբ առաջին լսումէն մօտաւորապէս չորս տարի ետք դատախազը, պաշտպանութեան եւ մեղադրեալներու ներկայացուցիչները այսօր պիտի տան իրենց եզրափակիչ փաստարկները, նախքան դատավճիռը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին