Շաբաթ, 05. 07. 2025

spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր․ ՏԻՐԱՆ ԱՃԵՄԵԱՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Տիրան Աճեմեան (21 Յուլիս 1902, Հալէպ – 10 Սեպտեմբեր 1991, Պէյրութ), դերասան, ծաղրանկարիչ:

Ուսումը կը ստանայ տեղւոյն գերմանական վարժարանէն, սկիզբէն ի յայտ կը բերէ արուեստագէտի խառնուածք եւ հակում դէպի գծագրութիւն, ինչ որ հետզհետէ կը փոխուի ծաղրանկարչութեան: Այս մէկը պատճառ կը հանդիսանայ մօտենալու բեմին, որուն կը նուիրուի սրտեռանդ:

1919-ին կ’անցնի Պոլիս: Հալէպ դարձին, կը կազմէ Երիտասարդաց միութեան թատերախումբը։

1921-էն սկսեալ կը բեմադրէ զանազան թատերախաղեր, որոնցմէ յիշենք «Կործանուած»-ը, «Աւերակների վրայ», «Պատուի համար», «Արցունքի հովիտը», «Հին Աստուածները» եւ այլն:

Աճեմեան օժանդակած է Հալէպ այցելող դերասաններուն, 1922-ին՝ Շահան Սարեան եւ Օննիկ Վոլգէրի, 1924-ին՝ Եգիպտահայ կոմիտէի խումբին: 1923-ին կը կազմէ Հալէպի սիրողական թատերախումբը եւ այլ ներկայացումներ կու տայ մինչեւ Բ. Աբովեանի Հալէպ ժամանումը, որուն հետ եւս կը խաղայ՝ պատասխանատու դերեր ստանձնելով: Ֆիլիփ Արփիարեան դերասան-ծաղրանկարիչը կը թելադրէ Տիրանին ամբողջովին նուիրուիլ ծաղրանկարչութեան ճիւղին:

1925 թուականին տեղափոխուած է Պէյրութ, ծաղրանկարներով հանդէս եկած է հայկական, ֆրանսական եւ արաբական մամուլին մէջ։

«Հայ գիր» մանկապատանեկան հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է Յովհաննէս Թումանեանի «Քաջ Նազար»-ը՝ Տիրան Աճեմեանի երգիծանկարներով:

Մահացած է 1991-ին Պէյրութ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին