Մինչ հրատարակուող հայերէն գիրքերը կը նուազին, անոնց տպաքանակը կը կոտորակուի եւ շտեմարաններու մէջ դիզուած՝ տպուած գիրքերու էջերը կը դեղնին ու կը խոնաւնան, ընկերային համացանցի իր էջին վրայ Ֆէյսպուքի օգտատէր՝ Գէորգ Թորոյեան, շնորհակալ նախաձեռնութեամբ մը, յոյժ կարեւոր բան յուշող հետեւեալ գրառումը ըրեր էր երէկ՝ հրապարակագիր Յակոբ Պալեանէն մէջբերելով այս տողերը.
«Ասկէ առաջ ըսած եւ գրած եմ. եթէ ամէն մէկ հայ տարին մէկ հայերէն գիրք գնէ… (ու եթէ ինք անձամբ հայատառ կարդալը չգիտէր, զայն կարդացողի մը նուիրէ – խմբ.-) Երեւակայեցէ՛ք այդ պարզ վերաբերումին հետեւանքները, շատ աւելի ազդեցիկ, քան` մեզ բոլորս տարին քանի մը անգամ փակ սրահներու մէջ զուարճացնող ամպագոռգոռ բարձրախօսով թնդացող ճառերը եւ գետին դոփելու մղող գոռացող նուագարաններու ընկերակցութեամբ գոռացող երգերը»: