«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Քապուլի արեմտեան հատուածին մէջ Սեպտեմբեր 5-ին տեղի ունեցած երկու պայթումներու հետեւանքով զոհերու թիւը հասած է 20-ի, 70 մարդ ստացած է տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներ: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը՝ վկայակոչելով «1TV» հեռուստաընկերութիւնը, աւելի կանուխ հաղորդուած էր 4 զոհի եւ 17 վիրաւորի մասին:
Նշենք, որ առաջին պայթումը որոտացած է մարտարուեստի ակումբին մէջ մրցումներու ժամանակ: Պայթուցիկ սարքը ակումբ բերած էր մահապարտ-ահաբեկիչը: Երկրորդ պայթումը տեղի ունեցած է նոյն ակումբէն ոչ հեռու:
«Tolo News» հեռուստաընկերութիւնը տեղեկացուցած է, որ երկրորդ յարձակումը ուղղուած եղած է իրաւապահներու դէմ, որոնք արձագանգած էին առաջին պայթումի դէպքին: