Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

Նախագահը Ընդունած Է Երեւանի «Թէքէեան Կեդրոն» Հիմնադրամի Նախագահ Ընկ. Վարդան Ուզունեանը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ՝ Հինգշաբթի, 6 Սեպտեմբեր 2018ին իր նստավայրին մէջ ընդունած է  Հայաստանի «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ ընկ. Վարդան Ուզունեանին: Ընկ. Ուզունեանին ընկերակցած են Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ՝ Ընկ. Բագրատ Նազարեան  եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շրջանակներու Երեւան գտնուող ներկայացուցիչներ:  

Բարի գալուստ մաղթելով անոնց՝ նախագահ Սարգսեան ըսած է, որ միշտ ալ հաճելի է հանդիպիլ հին բարեկամներու հետ:

Հանդիպումը առիթ մը եղած է, որ զրուցակիցները միտքեր փոխանակեն «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն եւ ապագային համար նախատեսուող ձեռնարկներուն մասին: 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին