Ընկերային համացանցի վրայ երէկ տարածուած էր այս նկարը, որ ցոյց կու տայ պարտիզպանին կատակասիրութիւնն ու հոգատարութիւնը:
Ցուցատախտակին վրայ արձանագրուած է. «Յարգելի վարունգ գողցող… վարունգը առաւօտ կանուխ սրսկած եմ… գողնալէ ետք զայն լուայ, ապա կեր…: Յարգանքներով՝ Սասուն»
Հետաքրքրական երեւոյթ մը ըլլալուն, այստեղ կը կիսենք մեր սիրելի ընթերցողներուն հետ, յուսալով, որ բոլորիս օրը ժպիտով սկսի:
«Զ.»