Համացանցի վրայ շրջանառութեան մէջ է այս հետաքրքրական նկարը, որ ըստ երեւոյթին առնուած է Երեւանի մէջ: Քաղաքացիի մը հետաքրքրական նախաձեռնութիւնն է երեւի:
Ազդը կ՛ըսէ. «Տարածքը աղտոտելու (աղբ թափելու -խմբ.-) պահուն ժպտացէք, որովհետեւ ձեր (ամօթալի) արարքը կը նկարուի ամէն եւ կը հրապարակուի ընկերային համացանցի վրայ»:
Մինչ հետաքրքրական է ապագային տեսնել կարգ մը «ժպտացողներու» նկարները շրջանառութեան մէջ, կ՛արժէ նոյնը փորձել նաեւ Լիբանանի մէջ եւ տեսնել ինչ «շիք» մարդիկ եւ տիկիններ որքա՜ն փնթի են երբ կը կարծեն, որ ո՛չ ոք իրենց կը տեսնէ…: