«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը Սեպտեմբեր 2-ին մասնակցած է Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 27-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական միջոցառումներուն:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ նախագահ Սահակեանը ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ միասին այցելած է Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ծաղկեպսակ եւ ծաղիկներ դրած է Արցախի անկախութեան ու ազատութեան համար զոհուած ազատամարտիկներուն, Ազգային ժողովի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի շիրիմներուն:
Միջոցառումներուն մասնակցած են նաեւ ԱՀ երկրորդ նախագահ Արքատի Ղուկասեանը, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը, ԱՀ ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, պետական նախարար Կրիկորի Մարտիրոսեանը, Արցախի եւ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, ներկայացուցիչներ Սփիւռքէն եւ հիւրեր արտերկրէն: