Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ՅԱԿՈԲ ԴԱՒԻԹ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Յակոբ Դաւիթ Փափազեան, (1 Սեպտեմբեր 1919, Թաւրիզ – 1997, Երեւան), հայագէտ, արեւելագէտ, պատմաբան։ Պատմական գիտութիւններու դոկտոր (1968), փրոֆէսոր (1972):

Ծնած է 1 Սեպտեմբեր 1919-ին: Աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքի արեւելեան բաժինը (1950): 1954-1959 թուականներուն՝ ՀԽՍՀ ԳԱ պատմութեան հիմնարկի աւագ գիտաշխատող։ 1959 թուականէն Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի միջնադարեան մատենագրութեան եւ դիւանական վաւերագիրերու ուսումնասիրութեան բաժինի վարիչն է։ 1956 թուականէն դասաւանդած է Երեւանի համալսարանէն ներս։ 1962 թուականին ընտրուած է ԽՍՀՄ գիտութիւններու ակադեմիայի արեւելեան բնագրագիտութեան կեդրոնական յանձնաժողովի անդամ։ Գիտական ուսումնասիրութիւնները կը վերաբերին 15-18-րդ դարերու Արեւելեան Հայաստանի ընկերա–տնտեսական եւ քաղաքի պատմութեան, ազատագրական շարժումին, հայ–իրանական յարաբերութիւններուն, պատմական աղբիւրագիտութեան։ Հրապարակած է պարսկական, արաբական, թրքական, պատմութեան վաւերագիրերու բնագիրներ եւ հայերէն ու ռուսերէն թարգմանութիւններ («Մատենադարանի պարսկերէն վաւերագիրները», 1956-1959, 1968), Լ․ Ս․ Խաչիկեանի հետ՝ «Յովհաննէս Տէր-Դաւթեան Ջուղայեցու հաշուետոմարը» (1984): Մասնակցած է հայ ժողովուրդի պատմութեան ակադեմական բազմահատորեակի ստեղծման:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին