Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

Ընտրակաշառք Տալը Կամ Վերցնելը Կը Քրէականացուի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի մէջ ընտրակաշառք տալը կամ վերցնելը կը քրէականացուի: Այդ մասին օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը արժանացաւ կառավարութեան հաւանութեան եւ կը ներկայացուի Ազգային ժողովի հաստատման:

«Մեր կառավարութիւնը յանձն առած է ապահովել ազատ ընտրութիւններ եւ հասարակութեան մօտ բարձրացնել ընտրական հիմնարկներու նկատմամբ վստահութիւնն ու հաւատքը: Այս առնչութեամբ քրէական ու վարչական իրաւախախտումներու մասին օրէնսգիրքերուն մէջ նախաձեռնուած են փոփոխութիւններ, որոնց մշակման մասնակցած են նաեւ քաղաքական հասարակութեան ներկայացուցիչներ»,- «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ ըսաւ ՀՀ արդարադատութեան նախարար Արտակ Զէյնալեանը: Իր խօսքով՝ փաթեթի ընդունումով կը նախատեսուի խստացնել պատասխանատուութիւնը ընտրակաշառքի համար եւ վարչական իրաւախախտումներու վերաբերեալ օրէնսգիրքէն զայն տեղափոխել քրէական օրենսգիրք՝ նախատեսելով անոր համար ոչ միայն տուգանքի ձեւով պատիժ, այլեւ որոշ ժամկէտով ազատազրկում:
Արդարադատութեան նախարարը նշեց, որ բացառութիւն կը համարուի նախընտրական շրջանին կուսակցութեան կամ դաշինքի տարբերանշանով ու խելամիտ արժէքի սահմաններուն մէջ քարոզչական նիւթերու տրամադրումը՝ գրիչներ, գլխարկներ եւ այլն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին