«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Օգոստոս 29-ին Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ու փոխնախարար Դաւիթ Սարգսեանը Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաժողովներու սրահին մէջ մասնակցեցան նուիրատուութեան միջոցառումին: Սուրիահայ հայրենադարձ Բժիշկ Ճորճ Բարսեղեանը, Բարսեղեան ընտանիքի անունով թանգարանին նուիրաբերեց ընտանեկան մասունք՝ Այնթապի հերոսամարտի ընթացքին օգտագործուած 1877-ի արտադրութիւն եղող smith and wesson մակնիշի ատրճանակ մը :
Արարողութեան կը մասնակցէին նաեւ Սուրիոյ մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արշակ Փոլատեանը, ՀՀ-ի մէջ Սուրիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մուհամմետ Հաժ Իպրահիմը:
Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը, ողջունելով հիւրերը, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն մարդոց, որոնք նպաստեցին այս նախաձեռնութեան իրականացման: «Երբ մենք պարոն Բարսեղեանէն տեղեկութիւն ստացանք, որ իր ազնիւ ընտանիքին կողմէ նման ցանկութիւն կայ, անմիջապէս կապ հաստատեցինք Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան համապատասխան վարչութեան հետ, եւ խնդիրը շատ արագ լուծուեցաւ»:
Նախարարը նաեւ ընդգծեց, որ այս մասունքը ուղղակի ատրճանակ չէ, անիկա հայ ժողովուրդի ուժին եւ կամքին իրեղէն ապացոյցն է. «Չնայած մեր պատմութեան ծանր էջերուն՝ կան մի քանի լուսաւոր կէտեր, երբ ամենածանր իրավիճակի մէջ գտուող մեր հայրենակիցները կարողացած են համախմբուիլ ու ինքնապաշտպանական մարտեր մղել: Սա հայ ժողովուրդի հոգիին, կամքի ուժին, միասնականութեան ու մինչեւ վերջ յանուն հայրենիքի, յանուն հայութեան պայքար մղելու պատրաստակամութեան ապացոյցն է»:
Սուրիոյ մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արշակ Փոլատեանը նշեց, որ ատրճանակի տեղափոխումը Հայաստան, տեւած է մօտ 4 տարի: «Դժբախտաբար, պատերազմական պայմաններու պատճառով ալ դժուարութիւններ յառաջացան տեղափոխման համար: Միայն վերջերս սուրիացի պաշտօնեաներուն դիմելէ ետք յաջողեցանք զայն Հայաստան փոխադրել»:
Նախքան ատրճանակի յանձնումը, Տոքթ. Ճորճ Բարսեղեան պատմեց անոր պատմութիւնը եւ թէ ինչո՛ւ իր ընտանիքը կ’ուզէր, որ անիկա հանգրուանէր նոյն Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ: «Ատրճանակը եղած է իմ մեծ հօրս՝ Գրիգոր Բարսեղեանինը: Զայն օգտագործած է Այնթապի հերոսամարտի ընթացքին, անկէ ետք, Սուրիա գաղթելու ժամանակ իրեն հետ տարած է: Մեծհայրս ու հայրս անոր մասին շատ պատմութիւններ պատմած են մեզի: Եղբայրներս ու ես, հասակ առինք այս պատմութիւններուն շունչով: Վերջին տարիներուն հօրս մահանալէն ետք ընտանեկան ժողով մը գումարեցինք մօրս Էլիզին գլխաւորութեամբ, որուն իմ կողքին մասնակցեցան անշուշտ երկու ազնիւ եղբայրներս՝ Պերճն ու Ռաֆֆին, քննարկելու համար հօրս ժառանգ ձգած յատկապէս այս ատրճանակին ճակատագիրը: Բոլորիս համոզմունքը այն էր, թէ այս ատրճանակին տեղը Հայաստանն է, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը»:
«Ահաւասիկ այսօր՝ համայն Բարսեղեան գերդաստանի անունով այս պատմական ատրճանակը իր ապահով եւ արժանի տեղը գտաւ Հայրենի հողին վրայ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ, քանի որ մենք ընտանեօք դաստիարակուած ենք ու կը հաւատանք, որ Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու հոգիները կը գտնուին այս յուշահամալիրին մէջ» եզրափակեց Տոքթ. Բարսեղեան: