«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն, որ տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 23-ին, ոստիկանութիւնը կը բացառէ ընտրակաշառքի հնարաւորութիւնը:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին ըսաւ ՀՀ ոստիկանապետ Վալերի Օսիբեանը:
«Մենք կը տիրապետենք ընտրակաշառք տալու բոլոր համակարգերուն, մինչեւ իսկ ոչ բացայայտ արհեստագիտութեանց, եւ կը վստահեցնենք, որ խստօրէն պիտի վերահսկենք այդ ամէնը: Թոյլ տուէք չբացայայտեմ այդ ձեւերը: Ոստիկանութիւնը նորամուծութիւն ունի՝ այսուհետեւ մենք բարեխղճօրէն պիտի ծառայենք»,- նշեց Օսիբեանը եւ, անդրադառնալով նախորդ ընտրութիւններու ժամանակ ընտրակաշառքի դէպքերուն, ըսաւ, որ լրագրողներու տեսանիւթերը արձանագրած են որոշ դէպքեր եւ յոյս յայտնեց, որ այս անգամ ալ լրատուամիջոցները կ’աջակցին ոստիկանութեան: