23 Օգոստոս 1990-էն
28 տարի ետք
«ՆՈՐ ՕՐ», ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ – Ժողովրդավարութեան հաստատումը անշրջելի իրականութիւն է Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին։ Քսանութ տարի առաջ այսօր՝ Օգոստոս 23-ին, Հայկական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդը ընդունեց Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրը, որ հիմնուած էր 1 Դեկտեմբեր 1989-ի «Հայկական ԽՍՀ-ի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորման մասին» համատեղ որոշումին վրայ։
Լեռնային Ղարաբաղը 3 Ապրիլ 1990-ին Խորհրդային Միութեան կազմէն դուրս գալու հարցը բարձրացնելէն տարի մը ետք՝ 2 Սեպտեմբեր 1991-ին հռչակեց իր անկախութիւնը։ Իսկ Հայաստանին հետ միաւորուելու գործընթացը ժամանակաւորապէս սառեցուած է մինչ օրս։
Արդարեւ, 23 Օգոստոս 1990-ը ոչ միայն հայկական անկախ պետութիւնը վերականգնելու «Մեծ երազ»ն է մեր ժողովուրդին, այլ՝ փորձ մըն է Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը միաւորելու։
Անկախութեան հռչակագիրը բաղկացած է տասներկու կէտերէ, ուր դրուած է հիմքը մեր պետականութեան, ժողովրդավարակա՛ն Հայաստանին։
Այսօր՝ 2018-ին, երբ կ՚ապրինք Նոր Հայաստանի մը նոր երազներով, աւելի՛ արդար, աւելի՛ ազատ եւ աւելի՛ ժողովրդավար հայրենիքի մը հեռանկարով, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը է՛ ու կը մնայ պահակը այդ ժողովրդավարութեան, կամքի ազատ արտայայտութեան, այլ խօսքով՝ ՔՈՒԷ-ին ուժին, իւրաքանչիւր անհատի կամարտայայտութեան եթէ ոչ գերազանց, սակայն ամէնէն ընդունուած վարչաձեւին ներկայ դարու իրականութեան մէջ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին 100-րդ օրուան նուիրուած ելոյթը նոր երազներ եւ նոր ճամբաներ կը բանայ մեր սիրելի հայրենիքին եւ ժողովուրդին դիմաց, եւ անհրաժեշտ է որ նո՛յն խանդավառութեամբ, նոյն ոգիո՛վ (դուխով), նոյն եռանդով Հայաստանի մէջ ունենանք տեմոքրասի՝ օրէնքի գերակայութիւն եւ արդար համակարգ, որուն հաւատաց եւ կը հաւատայ ռամկավար-ազատական մտածողութիւնը երեք Մկրտիչներէն՝ Խրիմեան Հայրիկէն, Փորթուգալեանէն եւ Աւետիսեանէն մինչեւ այսօր եւ վաղը՝ աներկբայօրէն։
Թող Անկախութեան հռչակագիրին տարեդարձը ինքնամփոփումի, անցնող 28 տարիները վերարժեւորելու եւ նոր ու թարմ մտածողութեամբ, մեր սխալներէն դասեր քաղելու պահ մը հանդիսանայ բոլորիս համար՝ անխտիր։
Թող միշտ կեցցէ՛, ապրի՛, մեր հին ու նոր Հայաստանը։