Ուրբաթ, 06. 06. 2025

spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. Սերկէյ Մերկելեան

Սերկէյ Մերկելեան (19 Մայիս 1928, Սիմֆերոփոլ — 20 Օգոստոս 2008, Լոս Անճելըս), հայ թուաբանագէտ, գիտութեան եւ կրթութեան ականաւոր գործիչ։

Ծնած է 1928 թուականին Սիմֆերոփոլ։ Թեկնածուական թէզը կ’առնչուէր գործառնութեան մօտաւորութեան տեսութեան։ 1951 թուականին Մերկելեանը ապացուցած է բազմանդամային մօտաւորութեան հայեցողութիւնը։ 19 տարեկանին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի բնագիտութեան եւ թուաբանութեան հիմնարկը։ 21 տարեկան հասակին Մերկելեանը կը դառնայ գիտութիւններու դոկտոր, 25 տարեկանին կ’ընտրուի ԽՍՀՄ եւ ՀՍԽՀ ԳԱ թղթակից անդամ, իսկ 28 տարեկանին՝ Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիոյ ակադեմիկոս։ Ան եղած է ԽՍՀՄ ԳԱ Սթեքլովի անուան թուաբանութեան հաստատութեան բարդ վերլուծութեան բաժինի հիմնադիրը եւ ղեկավարը։ Հետագային Հայաստանի մէջ հիմնած է թուաբանական մեքենաներու Երեւանի գիտահետազօտական հաստատութիւնը, իսկ այնուհետեւ՝ արտադրական ձեռնարկներ։ Այդպիսով սկիզբ դրուած է Հայաստանի մէջ ժամանակակից հաշուիչ մեքենաներու արտադրութեան ստեղծման։ Շնորհիւ Մերկելեանի կազմակերպական տաղանդին՝ Հայաստանը դարձաւ այդ ուղղութեամբ ԽՍՀՄ հիմնական կեդրոններէն մէկը։ Հաստատութեան տնօրէնը եղած է 1956-1960 թուականներուն։ Մերկելեանը ԽՍՀՄ տարիներուն արժանացած է Սթալինեան մրցանակի, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 26 Մայիս 2008-ի հրամանագիրով պարգեւատրուած է Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշանով: Շքանշանը անոր յանձնուած է Լոս Անճելըսի մէջ, քանի որ այդ ժամանակ Մերկելեանը մշտական բնակութիւն հաստատած էր ԱՄՆ։ Մերկելեանը մահացած է 2008 թուականին Լոս Անճելըս երկարատեւ հիւանդութենէ ետք։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին