Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան

Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան (18 Օգոստոս 1828, Պոլիս – 29 Նոյեմբեր 1868, Պոլիս), արեւմտահայ նշանաւոր բանաստեղծ։
Ծնած է Պոլիս կաթողիկէ աղքատ ընտանիքի մը մէջ։ Հայրն ու մայրը շատ կանուխ մահացած են թոքախտէ։ Պէշիկթաշլեան կրթութիւն ստացած է Մխիթարեան միաբանութեան մէջ, եղած է Ղեւոնդ Ալիշանի աշակերտը։ Ապրած է համեստ կեանք մը ու աշխատած իբրեւ ուսուցիչ։

Նախակրթութիւնը ստացած է Մխիթարեաններու Պոլսոյ եւ ապա Փատովայի (Իտալիա) վարժարաններուն մէջ։ Կազմաւորուած երիտասարդ 1845-ին, վերադարձած է ծննդավայր։ Թաղային վարժարաններու մէջ ուսուցչութեան կողքին, մասնաւոր դասեր տալով յաջողած է մայրենի լեզուի սէր եւ ազգային ոգի ներշնչել բարեկեցիկ, բայց օտարախօս շրջանակներու երիտասարդութեան։

 

Գրական եւ հասարակական կեանք

Ազգային մշակոյթի եւ գիտակցութեան այս խանդավառ քարոզչութիւնը արդիւնաւէտ եղած է: Իր բազմաթիւ աշակերտներէն հայ գրականութեան պատմութեան մէջ իր անունը պահողներէն է Սրբուհի Տիւսաբ։

Զգայուն եւ փայլուն այս աշակերտուհիին հանդէպ երիտասարդ ուսուցիչ-գրագէտը տածած է ջերմ գզացումներ, բայց կապը, թէեւ փոխադարձուած, անյոյս էր. Սրբուհի հարուստ ընտանիքէ կու գար, իսկ Պէշիկթաշլեան աղքատ էր ու վատառողջ։

Աւելի ուշ, թոքախտէ տառապած եւ մահամերձ բանաստեղծը իր այս կապին կը նուիրէ գրաբարով գրուած իր գեղեցկագոյն բանաստեղծութիւնները։

Ուսուցչական գործունէութեան կողքին, Պէշիկթաշլեան բուռն թափով նուիրուած է միութենական աշխատանքներու։ Հիմնադիրներէն եղած է «Համազգեաց ընկերութեան», որ պիտի ունենար կրթական-հրատարակչական լայն գործունէութիւն՝ ջանալով նաեւ միասնութիւն ստեղծել հայութեան հատուածներուն միջեւ։

Իրբ կաթողիկէ համայնքի անդամ՝ Պէշիկթաշլեան անսահման հաւատքով ու զոհաբերումով գործած է վերացնելու համար առաքելական եկեղեցւոյ հետ շարունակուող պառակտիչ վէճերը։ Իրեն համար մնայուն հաւատք ու ապրում եղած է համահայկական եղբայրութիւնը։ Երգած է նաեւ Զէյթունի քաջ ժողովուրդի զինեալ պայքարը։

Պէշիկթաշլեան էական դեր ունեցած է Ազգային սահմանադրութեան (1860) ստեղծման գործին մէջ: Աջակցած է «Բարեգործական ընկերութիւն հայոց»-ի ստեղծման (1860): Մասնակցած է «Անձնուէր ընկերութեան» (1860-63, ունեցած է կրթական-պայծառ նպատակներ) աշխատանքներուն, աջակցած է Տ. Գ. Չուխաճեանի եւ Գ. Օ. Երաեւեանի ՝ «Քնար հայկական» վեցամսեայ հանդէսը խմբագրելու գործին:

Պէշիկթաշլեան մեծ վաստակ ունի արեւմտահայ թատրոնի զարգացման մէջ ե՛ւ իբր թատերախումբի հիմնադիր, ե՛ւ իբր թատերագիր։

Բանաստեղծը ունի 60 բանաստեղծութիւն, որոնց թեմաները բազմազան են: Գրած է գրաբար եւ աշխարհաբար լեզուներով:

Պէշիկթաշլեան երգած է սէրը, բնութիւնը, հայրենիքը, գրած է օրօրոցային, մանկական երգեր եւ այլն:

Եղած է յարգուած ու սիրուած դէմք մը։ Իր բարութիւնը, ջերմութիւնը, հայրենասէր ու մարդասէր նուիրեալի պատկերը, իր կեանքի պատմութենէն ու իր գործէն աւանդուած, մեզ կը յուզեն մինչեւ այսօր։

Պէշիկթաշլեանի ստեղծագործական բարձրակէտը կը համընկնի 1850-ականներու վերջերուն հասարակական-քաղաքական միտքի եւ ազգային-ազատագրական շարժումի բուռն վերելքին հետ: Անոր խոհերուն աղբիւրը կը դառնայ իսկական հայրենիքը:

1860-ականներու սկիզբը գրած բանաստեղծութիւնները արձագանգն են Զէյթունի հերոսամարտին: Զէյթունեան երգաշարը` «Հայ քաջորդին», «Մահ քաջորդւոյն», «Թաղումն քաջորդւոյն» եւ «Հայ քաջուհին», հերոսամարտի գեղարուեստական իմաստաւորումն ու տարեգրութիւնը կ’արտայայտեն Պէշիկթաշլեանի հաւատքը հայ ժողովուրդին ուժին նկատմամբ:

«Հայ քաջորդին» ներշնչուած է Վիքթոր Հիւկոյի «Տղան» բանաստեղծութենէն:

Մահացած է թոքախտէ։ Թաղուած է Պոլիս Շիշլիի հայոց գերեզմանատունը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին