«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպանական կազմը Վերաքննիչ դատարան ներկայացուցած էր պաշտպանեալը կալանքէ ազատելու շարք մը հիմնաւորումներ, սակայն միայն անձի անձեռնմխելիութեան հիմքով զինքը կալանքէն ազատ արձակած են: Այդ իսկ պատճառով Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպանական կազմը մտադրած է բողոք ներկայացնել Վճռաբեկ դատարան, որպէսզի փաստաբաններու ներկայացուցած հիմնաւորումներէն եւս երկուքը այնտեղ քննարկման առարկայ դառնան: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին Օգոստոս 16-ին ասուլիսի ժամանակ ըսաւ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպան Հայկ Ալումեանը՝ աւելցնելով, որ իրենց ներկայացուցած բողոքին մէջ անձեռնմխելիութեան հիմքէն բացի կայ առնուազն երկու հիմք, որոնք, իր համոզմամբ, ոչ պակաս կարեւոր են:
Պաշտպանը նշեց, որ Ռոպերթ Քոչարեանի մեղադրանքին մէջ կայ հատուած մը, ուր նշուած է, որ երկրորդ նախագահի կողմէ հրամանագիրով յայտարարուած արտակարգ դրութիւնը եղած է հակաօրինական եւ հակասահմանադրական:
«Հրամանագիրը կրնայ ապօրինի հռչակուիլ միայն սահմանադրական դատարանի որոշումով: Այսինքն` քանի դեռ չկայ սահմանադրական դատարանի որոշում, պետութեան անունով ոչ ոք իրաւունք ունի ըսել, որ այդ հրամանագիրը ապօրինի եղած է»,- ըսաւ Ալումեանը:
Հայկ Ալումեանը նաեւ կը համարէ, որ Յատուկ քննչական ծառայութեան կողմէ Վերաքննիչ դատարանի որոշումը որակում պիտի չստանար:
«Յատուկ քննչական ծառայութիւնը կը խօսի պետութեան անունով: Յատուկ քննչական ծառայութիւնը կրնայ ըսել, որ համամիտ չէ Վերաքննիչ դատարանի որոշումին հետ եւ պիտի բողոքէ Վճռաբեկ դատարան, բայց ոչ թէ ըսել, որ անիկա ապօրինի է…»,- ըսաւ Ալումեանը:
Պաշտպանը չի կարծեր, որ իր պաշտպանեալը կրնայ խոչընդոտել նախաքննութիւնը, քանի որ Ռոպերթ Քոչարեանը ի պաշտօնէ օր ու գիշեր կը հսկուի թիկնապահներուն կողմէ, որոնք կ’աշխատին ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մէջ:
«Այսինքն` իր մօտ քննութիւնը խոչընդոտելու հաւանականութիւնը աւելի փոքր է, քան ուրիշի մը քով»,- ըսաւ Ալումեանը:
Օգոստոս 13-ին ՀՀ վերաքննիչ քրէական դատարանի կողմէ բաւարարուած էր ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ կալանքը որպէս խափանման միջոց կիրարկելու առաջին ատեանի դատարանի որոշումին դէմ պաշտպաններու բողոքը` հաշուի առնելով, որ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը անձեռնմխելի է:
Նոյն օրը, Յատուկ քննչական ծառայութիւնը յայտնած էր, որ ՀՀ վերաքննիչ քրէական դատարանի կողմէ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ կիրարկուած կալանքի որոշումի վերացումը ապօրինի է, իսկ ՀՀ գլխաւոր դատախազութենէն նշեցին, որ Վերաքննիչ քրէական դատարանի ամբողջական որոշումը ստանալուն պէս պիտի քննարկեն Վճռաբեկ դատարան դիմելու հնարաւորութիւնը: