Նոր խմորումներ կը գրանցուին Սուրիոյ Տէրիք գիւղին մէջ, որ կ՛իյնայ քրտական տիրապետութեամբ հիւսիսային սուրիոյ ինքնավառ մարզին մէջ:
Կը հաղորդուի, որ վերջնագիր մը տրուած է տեղւոյն հայկական նախակրթարանին, 24 ժամէն փակելու իր դռները նկատի ունենալով, որ դպրոցի տնօրէնութիւնը չէ համակերպած տեղւոյն ինքնակառավարման մարմնին հետ ինչ կը վերաբերի դպրոցական ծրագրին:
Ի յայտ եկած է, որ ինքնակառավարման մարմինը յառաջիկայ հանգրուանին (շատ հաւանաբար ուսումնական նոր տարեշրջանին) Տէրիք գիւղի հայկական վարժարանին մէջ քրտերէն լեզուի ուսուցումը պարտադիր ըրած է։
Կը նշուի նաեւ, որ քրտերէն լեզուն պարտադիր դարձնելու այս փորձը առաջինը չէ։ Տարի մը առաջ նոյն փորձերը կատարուած են, սակայն Գամիշլիի հայկական համայնքի վարիչները յաջողած են համաձայնութեան գալ եւ հեռու պահել քրտերէնի դասաւանդութիւնը պարտադիր ընելու օրակարգը։
Ներկայիս հայկական եւ քրտական կողմերուն միջեւ տեղի կ՚ունենան բանակցութիւններ եւ մտավախութիւն կայ, որ Տէրիքէն ետք նոյն որոշումը ներկայացուի նաեւ Գամիշլիի հայկական համայնքին։ Ըստ որոշ աղբիւրներու՝ քրտական կողմը կը սպառնայ բոլոր հայկական վարժարանները փակել, եթէ քրտերէն լեզուի ուսուցումը պարտադիր չդարձուի։
*****
Խմբագրական նօթ՝
Նուազագոյն տեղեկութիւններով եւ հեռուէն դիտողի հանգամանքին պարտադրած սխալականութեամբ հանդերձ, զարմանալի պիտի ըլլայ տեղւոյն Հայ պատասխանատուներուն ընդիմութիւնը: Ինչո՞ւ որոշումին տեղի չտալ, որուն արդիւնքը կ՛ըլլայ լեզու մը շահիլ ու պահել դպրոցը…:
Հակառակ պարագային ճակատագի՞րն է մեղաւոր, թէ մէկ ուրիշ բան:
Վերապահութեամբ՝ «Խմբ.»