ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
«Կրթէ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը,
որպէսզի իր մեծութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի»:
Գիրք Առակաց
«ՆՈՐ ՕՐ», Լոս Անճելըս – Շաբաթ, 8 Սեպտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-ին պիտի սկսի Իրաքահայերու Հայ ընտանեկան միութեան շաբաթօրեայ վարժարանի 40-րդ կրթաշրջանը:
Արձանագրութիւնները մեծ խանդավառութեամբ կը շարունակուին, հեռաձայնել դպրոցի պատասխանատուներուն՝ (818) 281-1218 կամ (818) 326-4725 թիւերուն:
1979-ին խումբ մը Իրաքէն եկած հայեր, ձեռք-ձեռքի տուած, սիրոյ եւ համերաշխութեան գեղեցիկ մթնոլորտի մը մէջ, Կլենտէյլի մէջ հիմը դրին եւ սկսան Սփիւռքի մէջ առաջին եւ ցարդ միակ շաբաթօրեայ անվճար վարժարանին, որպէսզի պետական վարժարաններ յաճախող փոքրիկներուն առիթ տրուի իրենց մեսրոպախօս լեզուն սորվիլ, իրենց ողջ կեանքը հայօրէն ապրելու համար:
Ինչպէս յիշեցինք, դպրոցը քառասուն տարիներ շարունակ անվճար եղած է, ծնողներն իրենց զաւակներուն արձանագրութեան համար համեստ գումար մը կը վճարեն, իսկ ամբողջ տարուան դասերու ուսուցումը անվճար է: Դասերը տեղի կ’ունենան Շաբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 10-12: Կ’ընդունինք 4-14 տարեկան փոքրիկներ։ Դպրոցին հասցէն է` 214 W. Fairview Ave., Glendale, CA 91202: Որպէս զգուշացում յիշենք, թէ դպրոցին մուտքը շէնքին կանգառէն է: Դպրոցին մէջ կը դասաւանդուի արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն, երգ եւ ասմունք:
Մեծագոյն գոհունակութեամբ կու գանք յիշելու, թէ վարժարանի 40 տարիներու կեանքին ընթացքին, միշտ ալ բախտաւորուած եւ ունեցած ենք հմուտ եւ ամբողջանուէր տնօրէն-տնօրէնուհիներ, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ։ Դպրոցէն ներս ամէն տարի կը նշուին ազգային, մշակութային եւ հոգեւոր տօները պատշաճ հանդիսութեամբ եւ յայտագրով, մասնակցութեամբ մեր սիրելի աշակերտ-աշակերտուհիներուն:
Վարժարանի հիմնադրութենէն ի վեր մօտ 1700-է աւելի հայորդիներ յաճախած են այս վարժարանը եւ անոնց սիրտն ու հոգին լեցուած են ազգային եւ հայրենասիրական մաքրամաքուր ոգիով եւ ապրումներով:
Նմանապէս, իրաքահայերու Հայ ընտանեկան շաբաթօրեայ վարժարանը քոյր վարժարան է Արեւմտեան թեմի վարժարաններուն: Մեր ուսուցիչ-ուսուցչուհիները ամէն տարի կը յաճախեն Արեւմտեան թեմին կողմէ կազմակերպուած հայկական դպրոցներու մէջ պաշտօնավարող հայերէն լեզուի ուսուցիչներու որակաւորման դասընթացներուն, ինչպէս նաեւ՝ մեր աշակերտութիւնը եւ ծնողները կը մասնակցին Արեւմտեան թեմէն ներս կազմակերպուած դպրոցական ձեռնարկներուն:
Սիրելի հայրենակիցներ, այս յօդուածը կ’ուզենք աւարտել, ծնողներուն դիմելով. «Սիրելի ծնողներ, հայ ծնիլը մեծ օրհնութիւն մըն է, հայ ապրիլը մեծ հերոսութիւն եւ պարծանք: Եկէք ձեր օրհնեալ զաւակները, որպէս հերոսներ մեծցնենք եւ անոնց մէջ հայ ըլլալու հպարտութիւն եւ պարծանք ներարկենք»:
Բարի կրթական վերամուտ համայն հայութեան: