Չորեքշաբթի, 15. 01. 2025

spot_img

Պատմութեան մէջ Այսօր. Ալֆրէտ Ժոզէֆ Հիչքոք

Սըր Ալֆրէտ Ժոզէֆ Հիչքոք (անգլ.՝ Sir Alfred Joseph Hitchcock, 13 Օգոստոս 1899, Լոնտոն – 29 Ապրիլ 1980, Լոս Անճելըս), անգլիացի բեմադրիչ, սենարիստ եւ արտադրող է։

Ծնած է 1899 թուականի Օգոստոս 13-ին Լոնտոն։ Անոր հայրը նպարավաճառ էր։ Հիչքոքը իր ամբողջ կեանքի ընթացքին ոչ մէկ անգամ նստած է ինքնաշարժի ղեկին եւ վախցած է ոստիկաններէն։ Անոր պատճառը այն էր, որ մանուկ հասակին անոր քանի մը ժամով արգելափակած էին ոստիկանութեան առանձին խուցին մէջ։ Ան ճարտարագիտութիւն սորված է Լոնտոնի համալսարանին մէջ: 1920 թուականէն աշխատած է շարժանկարի արուեստանոցի մէջ։ Սկիզբը ան քարթեր կը նկարէր դերասաններու անունով շարժապատկերի տիտղոսաշարի համար, յետոյ սկսաւ բեմագրութիւններ կատարել եւ աշխատիլ որպէս բեմադրիչի օգնական։ 1926 թուականէն նկարահանած է իր առաջին ֆիլմը՝ «Վարձով բնակողը», որ զգայացունց տրամա էր։ Բրիտանական առաջին ձայնային ֆիլմի հեղինակը Ալֆրետ Հիչքոքն է՝ «Շանթաժ» (1929), որ յաջողութիւն ունեցաւ շարժանկարներու վարձոյթին մէջ: 1926 թուականին ամուսնացած է մասնագիտութեամբ շարժանկարային համակարգող Ալմա Ռեվիլի հետ, որուն հետ ծանօթացած էր 1923 թուականին «Կինը կնոջը» ֆիլմի նկարահանումներուն ժամանակ։ 1928 թուականին անոնք ունեցան աղջիկ մը՝ Փաթրիսիա Հիչքոքը, որ հետագային դարձաւ դերասանուհի։

Մինչեւ 1929 թուականը Հիչքոքը աշխատած է Մեծ Բրիտանիոյ մէջ, ապա Միացեալ Նահանգներ։ Ան նկարահանած է զգայացունց տրամա եւ սարսափապատումի ոճի ֆիլմեր եւ կը համարուի դասական այդ ոճի ֆիլմերու պատմութեան մէջ։ Հիչքոքը կրնար իր ֆիլմերուն մէջ վարպետօրէն ստեղծել տագնապային անորոշութեան եւ լարուած սպասումի մթնոլորտ դիտողին համար։ Կեանքի վերջին տարիներուն, ամերիկեան սինե-ակադեմիոյ կողմէ ստացած է պատուոյ մրցանակ, իսկ Անգլիոյ թագուհի Էլիզապէթ II-ը անոր շնորհած է ասպետի կոչում:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին