Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

Կը Պարզուին Ժամկէտային Զինծառայողի Մահուան Հանգամանքները. Մեղադրանք Առաջադրուած Է Երկու Անձի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: ՀՀ քննչական կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան կայազօրային երրորդ քննչական բաժինին մէջ ժամկէտային զինծառայող, շարքային Հրանդ Մանգասարեանի մահուան առթիւ քննուող քրէական գործով մեղադրանք առաջադրուած է եւս մէկ անձի՝ զօրամասի հրթիռահրետանային սպառազինութեան պահեստապետին: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ քննչական կոմիտէէն: 

Աւելի կանուխ, քննչական կոմիտէն տեղեկացուցած է, որ N զօրամասի ծառայութեան պահեստին մէջ 2017-ի Նոյեմբեր 4-ին՝ ժամը 12:10-ի սահմաններուն, տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով կեանքի հետ անհամատեղելի պայթիւնաբեկորային վնասուածքներ ստացած էր նոյն պահեստին մէջ աշխատանքներ կատարող, պարտադիր ժամկէտային զինծառայող, շարքային Հրանդ Մանգասարեանը։ Պահեստապետ, պայմանագրային զինծառայող Գ. Հիւսնունցը եւ պարտադիր ժամկէտային զինծառայող, շարքային Ս. Ալումեանը ստացած էին տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներ եւ տեղափոխուած զինուորական հիւանդանոց:

Քրէական գործով կատարուած բազմակողմանի քննութեան շնորհիւ պարզուած են պայթումի պատճառները, նպաստած հանգամանքները, տուեալներ ձեռք բերուած են զօրամասի իրաւասու անձերուն կողմէ ծառայութեան նկատմամբ անփոյթ վերաբերմունք դրսեւորուելու վերաբերեալ, ընթացքի մէջ են ենթադրեալ յանցագործութիւն կատարած անձերու շրջանակի պարզաբանման աշխատանքները։

Մասնաւորապէս ձեռք բերուած փաստական տուեալներուն համաձայն՝ զօրամասի հրթիռահրետանային սպառազինութեան ծառայութեան պետ Ա. Գրիգորեանը՝ կոչումով հրամանատար, խախտելով զօրամասի ՀՀՍ պահեստի մէջ սպառազինութեան եւ ռազմամթերքի պահպանման կարգը, որ է՝ իրաւունք չունենալով ՀՀՍ ծառայութեան պահեստ ընդունիլ վերջնական մարտական վիճակի բերուած ՌԿԳ-3 տեսակի հակահրասայլային նռնակները, 2016 թուականի ռազմական գործողութիւններէն ետք զանոնք ընդունած եւ պահած է պահեստին մէջ, որմէ ետք անմիջապէս չէ զեկուցած ըստ վերադասութեան։

Բացի այդ՝ անտեսելով ՀՀՍ պահեստի մէջ որեւէ տեսակի զինամթերք քանդելու, մասնատելու արգելքը՝ 2017 թուականի Նոյեմբեր 4-ին նոյն ծառայութեան պահեստապետ, պայմանագրային զինծառայող Գ. Հիւսնունցին յանձնարարած է նշուած նռնակները բերել ոչ մարտական վիճակի եւ զանոնք դասաւորել արկղերուն մէջ։ Վերջինս, պարտաւոր ըլլալով ՌԿԳ-3 հակահրասայլային նռնակները պահել փակ արկղերու մէջ եւ բացառել զօրամասի ՀՀՍ պահեստին մէջ որեւէ տեսակի զինամթերքի քանդումը եւ մասնատումը, 2017 թուականի Նոյեմբեր 4-ին նշուած նռնակները ՀՀՍ ծառայութեան պահեստին մէջ բերած է ոչ մարտական վիճակի, զանոնք դասաւորած է արկղերուն մէջ։ Աւելին, այդ աշխատանքներուն մէջ ընդգրկած է նաեւ այլ զինծառայողներու, անոնց շարքին՝ Հ․ Մանգասարեանին: Հետեւաբար, նոյն օրը՝ ժամը 12:00-ի սահմաններուն, տեղի ունեցած է հակահրասայլային նռնակի պայթում, որուն հետեւանքով Հ. Մանգասարեանը ստացած պայթիւնաբեկորային վնասուածքներէն մահացած է, ժամկէտային զինծառայող Ս. Ալումեանը ստացած է կեանքին վտանգ սպառնացող ծանր, իսկ ժամկէտային զինծառայող Մ. Մարգարեանը` մարմնական թեթեւ վնասուածքներ:

Ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցներու համակցութեամբ՝ Գ. Հիւսնունցին մեղադրանք առաջադրուած է՝ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 374-րդ յօդուածով (զինծառայողին վստահուած զէնքը, ռազմամթերքը, ռազմական այլ գոյքը, ինչպէս նաեւ պայթուցիկ կամ շրջապատի համար մեծ վտանգ ներկայացնող այլ սարքերն ու առարկաները սահմանուած կարգի խախտումով մէկ ուրիշին յանձնելը, եթէ անիկա պատճառ դարձած է մարդկային զոհերու կամ այլ ծանր հետեւանքներու):

Քրէական գործով աւելի կանուխ մեղադրանք առաջադրուած էր նաեւ զօրամասի հրթիռահրետանային սպառազինութեան ծառայութեան պետ Ա. Գրիգորեանին՝ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 376-րդ յօդուածի 2-րդ մասով:

Նախաքննութիւնը կը շարունակուի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին