«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիի եւ խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի քաղաքական կարեւորագոյն օգնականին հետ Ուրբաթ օրուան հանդիպումին շնորհիւ կարելի է եղաւ որոշ շարժ գրանցել նոր կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին մէջ:
Հարիրի եւ ֆինանսներու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ հանդիպում ունեցան վարչապետի նստավայրին մէջ:
«Նոր կառավարութեան կազմաւորման առումով ակներեւ է որոշ շարժ, եւ մենք կը յուսանք, որ ամէն ինչ յառաջ պիտի ընթանայ»,- տեղական լրատուամիջոցը մէջբերած է Խալիլի՝ հանդիպումէն ետք խօսքը:
Հարիրի նախատեսուած է, որ Աունին ներկայացնէ նախարարական պաշտօնէութեան ցանկի վերաբերեալ նախագիծ մը: