Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Հանրութիւնը Կը Տեղեկանայ Վարչապետի՝ Իրան Հաւանական Այցի Մասին, Երբ Անիկա Աւելի Յստականայ․ ԱԽ Քարտուղար

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: ՀՀ կառավարութեան ծրագիրին մէջ յստակօրէն ամրագրուած է Իրանի հետ առանձնայատուկ յարաբերութիւններու զարգացումը, հետեւաբար վարչապետի՝ Իրան հաւանական այցը պէտք է դիտարկել այս թեմայի լոյսին տակ։ «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին ըսաւ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը։

«Պարոն Գրիգորեան, Իրանի դեսպանի հետ Ձեր հանդիպումին մասին գրառումին մէջ նշուած է վարչապետի՝ Իրան այցի մասին։ Արդեօք կրնա՞ք յստակ ժամկէտներ ներկայացնել»,- հարցին ի պատասխան Գրիգորեանը ըսաւ․

«Ինչպէս գիտէք, կառավարութեան ծրագիրին մէջ յստակօրէն ամրագրուած է Իրանի հետ առանձնայատուկ յարաբերութիւններու զարգացումը, հետեւաբար վարչապետի՝ Իրան հաւանական այցը պէտք է դիտարկել այս թեմայի լոյսին տակ։ Եւ երբ անիկա աւելի յստականայ, հանրութիւնը անոր մասին անհրաժեշտ տեղեկութիւններ կը ստանայ պատշաճ ժամկէտներու մէջ եւ համապատասխան աղբիւրէ»:

ՀՀ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սեյըտ Քազեմ Սաժատին:

«Ջերմ ու բարեկամական մթնոլորտի մէջ անցնող հանդիպումի ընթացքին նշեցի, որ Հայաստանն ու Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը տարիներու ընթացքին ապացուցած են բարձր մակարդակի քաղաքական յարաբերութիւնները պահպանելու ու զարգացնելու իրենց պատրաստակամութիւնը, եւ այդ յարաբերութիւնները երբեւէ չեն տուժած Հայաստանի կամ Իրանի համար դժուար իրավիճակներու ժամանակ:

Բարձր գնահատելով երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու        փոխօգնութեան ու փոխգործակցութեան հարուստ                       պատմութիւնը՝ յոյս յայտնեցի, որ մեր երկիրներուն քաղաքականբարձր մակարդակի յարաբերութիւնները կը նպաստեն, որ ունենանք նաեւ նոյնպիսի բարձր մակարդակի     տնտեսական յարաբերութիւններ, որ իր հերթին կը նպաստէ մեր անվտանգութեան կայունութեան»,- իր էջին գրած է Արմէն Գրիգորեանը:

Դեսպան Սաժատին նոյնպէս խօսած է երկու երկիրներու բարձր մակարդակի յարաբերութիւններուն մասին, ընդգծած, որ Հայաստանը, ըլլալով Իրանի միակ քրիստոնեայ հարեւանը, ամենաջերմ ու դրացիական անխախտ յարաբերութիւններ ունեցող գործընկերն է:

Դեսպանը, ողջունելով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ, ոչ բռնի յեղափոխութեան շնորհիւ ձեւաւորուած կառավարութեան ջանքերը երկու երկիրներու յարաբերութիւնները ալ աւելի խորացնելու ուղղութեամբ եւ կարեւորելով ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ յառաջիկային նախատեսուող այցը ԻԻՀ, պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու, որ երկու երկիրներու համագործակցութիւնը ընդգրկէ ուժաբանական, առողջապահական, բնապահպանական, ֆինանսական ու բազում այլ ոլորտներ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին