Չորեքշաբթի, 11. 06. 2025

spot_img

Լիբանանի մէջ Սփինիզ Վաճառախանութը Հայկական Առաջին Հաւատարմական Քարտը Կը Հրապարակէ ԷԼԻՍԱՐԻ Մասնաճիւղին Մէջ Հայկական Գեղարուեստական Յատուկ Ձեռնարկի Մը Ընթացքին

Պատուելու համար իր հայ յաճախորդներն ու անոնց արմատները շրջանին մէջ փոքրաքանակի վաճառման առաջատար կեդրոնը` Սփինիզը, հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ ՀՀ դեսպան Պրն. Սամուէլ Մկրտչեանի եւ խորհրդարանի անդամ Յակոբ Թերզեանի, Էլիսարի իր նորագոյն մասնաճիւղին մէջ «Սուք Էլ Աքըլ»-ի հրատարակութեամբ, հրապարակեց իր հայկական հաւատարմական քարտը։

Աւելի քան եօթը տեսակ հայկական ճաշատեսակ հրամցուեցաւ ներկաներուն. երշիկ, սուպէօրէկ, մսաշօթ (լահմաճուն), թոշքա եւ այլն, վայելելով հայ երաժիշտի ու երգիչի մը երգերը, ինչպէս նաեւ հայկական ժողովրդական պարերը։ Հայկական աւանդական զգեստներ հագած հիւրընկալուհիները դիմաւորեցին այցելու հիւրերը։ Այցելուները առիթ ունեցան ծանօթանալու հայկական ձեռարուեստի ու աւանդական արտադրութիւններու ցուցադրութեան տաղաւարներուն։

Բարի գալուստի իր խօսքին մէջ բաժնի տնօրէնուհին Տիկ. Գլոտին Աքիքի ըսաւ. «Սփինիզ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԿԱՆ ՔԱՐՏԸ կը հրապարակէ Լիբանանի մէջ` պատուելու համար իր հայ յաճախորդները եւ զանոնք սպասարկելու հայկական արտադրութիւններով։

Ապա խօսք առին ՀՀ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան եւ երեսխոխան Յակոբ Թերզեանը, որոնք իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Սփինիզին այս քարտի հրապարակման ու այս յատուկ միջոցառումի ճամբով հայ համայնքը պատուելուն համար։

Սոյն նոր` հաւատարմական քարտը (Loyalty card) յաճախորդներուն առիթ կու տայ կէտեր հաւաքելու եւ զանոնք փոխանակելու հայկական արտադրութիւններու հետ։ Քարտին գծագրութիւնը մտայղացած է հայ գեղանկարչուհի Լենա Այտընեանը, ուր ան կ’արտացոլացնէ հայկական խորհրդանշանները, մանաւանդ նուռը, Արարատ լեռն ու հայկական դրօշը։ Արուեստագիտուհի Այտընեան առիթ ունեցաւ ներկաները ողջունելու ու անոնց բացատրելու քարտի գծագրութեան տեսլականը։

Վերջապէս, Սփինիզի առեւտուրի գլխաւոր պաշտօնատարը Պարոն Ռալֆ Էլ Քահի բաժակներ նուիրեց ՀՀ դեսպան Պրն. Սամուէլ Մկրտչեանին ու խորհրդարանի անդամ Յակոբ Թերզեանին` շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց ներկայութեան համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին