spot_img

Ելեկտրածին Սարքերու Սեփականատէրերը Կը Պահանջեն Աւելի Արդար Պայմաններ Եւ Թափանցիկութիւն Գիներու Նշանակման Պարագային

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Կառավարութիւնը ելեկտրածին սարքերու համար ելեկտրահաշուիչներ տեղադրելու որոշումը վերահաստատելէ մէկ օր ետք ելեկտրածին սարքերու սեփականատէրերու ներկայացուցիչներ պահանջեցին աւելի արդար պայմաններ եւ թափանցիկութիւն գնագոյացումի նոր համակարգի առնչութեամբ: Այս մասին ներկայացուցիչները յայտնեցին Չորեքշաբթի «Ալ Ժատիտ» տեղական հեռուստակայանի հետ հարցազրոյցի ժամանակ:
Որոշումը նպատակաուղղուած է հնարաւորութիւն ընձեռելու բաժանորդներուն, որպէսզի բացառաբար վճարեն սպառուած ելեկտրականութեան համար: Բաց աստի, որոշումը կու գայ կառավարութեան թոյլ տալու ելեկտրածին սարքերու արդիւնաբերութիւնը կարգաւորելու եւ պաշտպանելու բաժանորդները բոլոր հաւանական շահագործումներէն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին