«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Կառավարութիւնը ելեկտրածին սարքերու համար ելեկտրահաշուիչներ տեղադրելու որոշումը վերահաստատելէ մէկ օր ետք ելեկտրածին սարքերու սեփականատէրերու ներկայացուցիչներ պահանջեցին աւելի արդար պայմաններ եւ թափանցիկութիւն գնագոյացումի նոր համակարգի առնչութեամբ: Այս մասին ներկայացուցիչները յայտնեցին Չորեքշաբթի «Ալ Ժատիտ» տեղական հեռուստակայանի հետ հարցազրոյցի ժամանակ:
Որոշումը նպատակաուղղուած է հնարաւորութիւն ընձեռելու բաժանորդներուն, որպէսզի բացառաբար վճարեն սպառուած ելեկտրականութեան համար: Բաց աստի, որոշումը կու գայ կառավարութեան թոյլ տալու ելեկտրածին սարքերու արդիւնաբերութիւնը կարգաւորելու եւ պաշտպանելու բաժանորդները բոլոր հաւանական շահագործումներէն:






