«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի Չորեքշաբթի ըսաւ, որ եթէ իրաւամբ կան նոր կառավարութեան կազմաւորման գործընթացը խոչընդոտող արտաքին ազդակներ, ապա պէտք է առաջին հերթին մեղադրել քաղաքական տեղական գործիչները օտար միջամտութիւններու դուռ բանալու համար: Այս մասին կը տեղեկանանք Պըրրիի տեղեկատուական գրասենեակի կատարած յայտարարութենէն:
«Մենք պարտաւոր ենք համոզել բոլորին, նոյնիսկ դաշնակիցներուն, որ մե՛ր պարտականութիւնն է լուծել ներքին խնդիրները»,- մէջբերուած է Պըրրիի խօսքը: «Եթէ կան արտաքին միջամտութիւններ, ապա անոնք պայմանաւորուած են տեղական պաշտօնատարներու՝ արտերկիր այցերով:
Պըրրի վերահաստատեց նաեւ նախարարաց նոր խորհուրդի կազմաւորումը հնարաւորինս արագ իրականացնելու հրամայականը՝ հաշուի առնելով Լիբանանի տնտեսական անյուսալի վիճակն ու դժուարին կենսապայմանները: