Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

Գլխաւոր Անվտանգութիւնը Ի Գործ Պիտի Դնէ Կենսաչափական Անձնագիրերու Պարագային 10 Տարուան Վաւերականութիւն Ձեռք Բերելու Վերաբերեալ Օրէնքը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Լիբանանեան կենսաչափական անձնագիրերու վաւերականութիւնը հասանելի պիտի դառնայ տասը տարուան ժամանակահատուածի համար, 500,000 լ.ո. (330.50 ամ. տոլար) սակագինով, Օգոստոս 10-էն սկսեալ: Այս մասին Չորեքշաբթի յայտարարեց Գլխաւոր անվտանգութեան վարչութիւնը:
Անձնագիրի գործարկումն ու նորոգումը այժմ հասանելի է երեք տարբերակով: Ի հաշիւ տասը տարուան վաւերականութեան ծրագիրին՝ մէկ տարուան վաւերականութիւնը կ’արժէ 60,000 լ.ո., իսկ հինգ տարուանը՝ 300,000 լ.ո.: Կենսաչափական անձնագիրը առաջին անգամ ներկայացուած էր 2016-ին: Ոչ կենսաչափական անձնագիրերը կը շարունակեն վաւերական մնալ մինչեւ իրենց վերջնաժամկէտը: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին