«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Չինաստանի Շանհայ քաղաքի իշխանութիւնները աւելի քան 130 հազար մարդ տարհանած են «Ճոնտարի» արեւադարձային փոթորիկի պատճառով: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, Օգոստոս 3-ին յայտնած է «Associated Press» գործակալութիւնը:
Արեւադարձային փոթորիկը իրեն հետ ուժեղ քամիներ բերած է Շանհայ: Կը սպասուի, որ տարերային աղէտը աստիճանաբար մեղմանայ՝ ուղղուելով դէպի արեւմուտք: Աւելի կանուխ, «Ճոնտարին» փոխադրամիջոցի եւ ելեկտրականութեան անջատման հետ կապուած խնդիրներ յառաջացուցած էր Ճափոնի տարածքին: Այնտեղ տուժած է 16 մարդ: Շանհայի մէջ արեւադարձային փոթորիկէն վնասի վերաբերեալ տեղեկութիւն առայժմ չկայ: Միեւնոյն ժամանակ քաղաքի երկու օդակայաններուն մէջ 151 չուերթ չեղարկուած է, փակուած է 122 զբօսայգի, հաղորդած է «Ինթերֆաքս»-ը: